Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ապրիլեան Պատերազմի Հանգամանքները Ուսումնասիրող Խորհրդարանական Յանձնաժողովը Սկսաւ Իր Գործունէութեան

Ապրիլեան Պատերազմի Հանգամանքները Ուսումնասիրող Խորհրդարանական Յանձնաժողովը Սկսաւ Իր Գործունէութեան

by MassisPost

Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս իր աշխատանքները սկսաւ 2016 թուականի Ապրիլեան քառօրեայ` պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող յանձնաժողովը` նախագահութեամբ պաշտպանութեան նախկին փոխնախարար,«Իմ քայլը» դաշինքի պատգամաւոր Անդրանիկ Քոչարեանի:
Յունիս 4-ին կայացաւ Յանձնաժողովի առաջին դռնփակ նիստը, որու աւարտին Անդրանիկ Քոչարեան լրագրողներուն փոխանցեց որոշ տեղեկութիւններ, իրենց գործունէութեան մասին: Ան յայտնեց որ, արդէն իսկ կայ նախնական պատկերացում, թէ որոնք պէտք է հրաւիրուին մասնակցելու լսումներուն, բայց առայժմ անուններ պիտի չուզեն տալ:
Այն հարցին թէ, այդ օրերուն պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը վարած Սէյրան Օհանեան եւ ՀՀ երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը պիտի հրաւիրուի՞ն, Անդրանիկ Քոչարեանը ըսաւ. «Մենք կանչելու ենք բոլոր նրանց, ովքեր կարող են յանձնաժողովի աշխատանքին տալ տեղեկատուութիւն: Համոզուած եմ՝ իրաւական առումով գուցէ շատերը կարող են օգտուել իրենց իրաւունքից եւ ասել՝ չեմ գալիս, բայց բարոյական տեսանկիւնից որեւէ մէկն իրաւունք չունի, եթէ կայ հարց, շրջանցի այդ հարցի վերաբերեալ ունեցած իր տեղեկատուութիւնը փոխանցել յանձնաժողովին»,- ըսաւ ան:

Քոչարեանի խօսքով՝ այս պահին դեռ յանձնաժողովը վերջնական որոշում չունի, թէ առաջինը որուն պիտի հրաւիրէ: Ան յոյս յայտնեց, որ յաջորդ նիստին այս հարցով վերջնական որոշում պիտի կայացուի: Ըստ Քոչարեանի՝ պիտի հրաւիրուին նաեւ Արցախէն պաշտօնեաներ: «Կը լինեն բոլոր այն օղակներից, որտեղ պաշտօնատար անձն ասելիք կ’ունենայ յանձնաժողովին»,- ըսաւ ան:

Անդրանիկ Քոչարեան յայտնեց, որ ինք տեղեակ է, որ Սէյրան Օհանեան յայտարարած էր, որ ինք արդէն ուսումնասիրած է Ապրիլեան պատերազմի դէպքերը եւ չկարծեր, որ քննիչ յանձնաժողովի եւ Սէյրան Օհանեանի ուսումնասիրութիւնները կրնան հակասութիւններու մէջ մտել: Անոր խօսքով՝ յանձնաժողովը պիտի ուսումնասիրէ նաեւ այդ եզրայանգումները:

«Եթէ ուսումնասիրութիւններ են արել, ապա մենք պէտք է նաեւ հասկանանք, թէ ինչ խորութեամբ: Եթէ ուսումնասիրութիւնների արդիւնքն այն է, որ, ըստ էութեան, պատասխանատուութեան ենթարկուած մարդ չունենք, ուրեմն այդ ուսումնասիրութիւններն արուել են գաղտնի պահելու համար: Այդ դէպքում շահառուն ո՞վ է, անձամբ կ’ուսումնասիրեն պրն. Օհանեանի կատարած աշխատանքը, եւ յանձնաժողովի անդամներով կը ծանօթանանք դրանց: Ակնկալում եմ, որ այսօրուայ Պաշտպանութեան նախարարութեան ղեկավար անձնակազմը կը սկսի հարստացնել Սէյրան Օհանեանի սկսած ուսումնասիրութիւնները»,- աւելցուց Անդրանիկ Քոչարեանը:

Դիտարկման, որ Ապրիլեան պատերազմի ժամանակ մարդկային կորուստներու հարցին զուգահեռ տարածքային կորուստներ եղած են, այս հարցը պիտի քննե՞ն յանձնաժողովին մէջ, Անդրանիկ Քոչարեանը պատասխանած է. «Օրակարգային հարցերու մէջ կորուստները ոչ միայն մարդկային են, այլ նաեւ տարածքային: Չկասկածէք, որ մենք ուսումնասիրելու ենք նաեւ տարածքային կորուստների պատճառները»:Ան աւելցուցած է, որ յանձնաժողովի աշխատանքի արդիւնքով պիտի կազմուին զեկոյցներ՝ չբացառելով, որ անոնք կրնան քրէական գործերու հիմք դառնալ:

Ըստ Քոչարեանի՝ զոհերու հարազատներն ու ծառայակից ընկերները պիտի ըլլան իրենց հիմնական ուսումնասիրութեան շրջանակի մէջ, քանի որ մեծ տեղեկատուութեան կրողներ են:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment