Փրակի Քաղաքային դատարանը բաւարարած է Նարեկ Սարգսեանը Հայաստանի իրաւասու մարմիններուն յանձնելու միջնորդութիւնը: Այդ մասին «Ազատութեան» փոխանցած են Հայաստանի գլխաւոր դատախազութենէն։
Դատախազութիւնը նաեւ նշած է, որ իրենց դիմումի հիման վրայ Չեխիոյ օրէնսդրական իրաւակարգաւորումներու եւ ընթացակարգերու պահպանմամբ Նարեկ Սարգսեանի յանձնման գործընթացը բնականոն կը շարունակուի:
Անցիալ Երկուշաբթի չեխական «Tyden» պարբերականը հաղորդած էր, որ Չեխիան կրնայ Հայաստանին արտայանձնել նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբօրորդին՝ Նարեկ Սարգսեանը: Արտայանձնելու թոյլտւութիւնը, ըստ «Tyden»-ի, տուած է Փրակիի դատարանը, անցեալ շաբաթ:
Յիշեցնենք, որ Նարեկ Սարգսեանը ձերբակալուած է անցեալ տարի, Դեկտեմբերին, Փրակի մէջ՝ Ինթըրփոլի եւ չեխական ոստիկանութեան աշխատակիցներու կողմէ: Իրաւապահներուն ան ներկայացած էր Կուաթեմալայի քաղաքացի Ֆրանքլին Կոնզալեսի անունով եւ կեղծ անձնագրով։
ՀՀ երրորդ նախագահի եղբօրորդին Հայաստանի մէջ կը մեղադրուի թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութեան եւ անօրինական զէնք պահելու համար: