Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը կը Հերքէ Հայ Դիպուկահարի Կրակոցէն Ատրպէյճանցի Զինծառայողի Մահուան Լուրը

Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը կը Հերքէ Հայ Դիպուկահարի Կրակոցէն Ատրպէյճանցի Զինծառայողի Մահուան Լուրը

by MassisPost

30 Մայիսին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան կողմէ տարածուած տեղեկատւութիւնը առ այն, թէ իբր Ակնայի հատուածին մէջ հայկական կողմէն արձակուած դիպուկահար կրակոցէն սպաննուած է ատրպէյճանցի զինծառայող Ակիլ Աքիֆ օղլու Օմարովը, իրականութեան չի համապատասխաներ: Այս մասին յայտնած են Արցախի հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն։

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած է, որ շփման գիծի ողջ երկայնքով Պաշտպանութեան բանակի առաջապահ ուժերը կը շարունակեն խստօրէն հետեւիլ հրադադարի պահպանման ռեժիմին եւ, միաժամանակ, ատրպէյճանական կողմին կը յորդորեն ձեռնպահ մնալ սադրիչ ապատեղեկատուութիւններով իրադրութիւնը արհեստականօրէն սրելու անհեռանկար քայլերէն:

 

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment