Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լրագրողական Կազմակերպութիւնները կը Պահանջեն Պաշտօնեաներէն՝ Զսպուածութիւն Ցուցաբերել ԶԼՄ-ներու Հետ Շփուելու Ժամանակ

Լրագրողական Կազմակերպութիւնները կը Պահանջեն Պաշտօնեաներէն՝ Զսպուածութիւն Ցուցաբերել ԶԼՄ-ներու Հետ Շփուելու Ժամանակ

by MassisPost

Մէկ տասնեակ լրագրողական կազմակերպութիւններ համատեղ յայտարարութիւն տարածած են՝ վերջին շրջանին ԶԼՄ ներկայացուցիչներու պատիւն ու արժանապատւութիւնը նսեմացնող միջադէպերու առնչութեամբ։

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս նշուած է, որ 29 Մայիսին, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանը, դժգոհելով լրագրողներէն, վիրաւորական արտայայտութիւններ թոյլ տուած է անոնց հասցէին, ապա նշած, թէ իրեն անհաճոյ հարցեր տալու համար գումար կը վերցնեն ու պատուէր կը կատարեն։

«Մասնաւորապէս, Ծառուկեանը մատնացոյց է արել Aravot.am-ի լրագրող Հռիփսիմէ Ճէպէճեանին ու ասել, որ վերջինս պէտք է պատասխան տայ իր հնչեցրած հարցերի համար։ Սա առաջին դէպքը չէ, երբ ԲՀԿ ղեկավարն այսօրինակ վարքագիծ է դրսեւորում։ Եւ ցաւօք, նա միակը չէ. մենք բազմիցս ենք արձանագրել փաստեր, երբ տարբեր քաղաքական ուժերի ներկայացուցիչներ, պետական պաշտօնեաներ, գործարարներ ու հանրային այլ դէմքեր ԶԼՄ ներկայացուցիչների հետ շփուելիս իրենց համար անցանկալի հարցերին ի պատասխան վիրաւորում կամ փորձում են ճնշել ու «դասեր տալ» նրանց», – ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Լրագրողական կազմակերպութիւնները նաեւ նշած են, որ վերջին ամսուան ընթացքին այդպիսի վարքագիծ դրսեւորած են «5-րդ ալիք» հեռուստաընկերութեան սեփականատէր Արմէն Թաւադեանը՝ Civilnet.am լրատուական կայքի լրագրող Գէորգ Թոսունեանի հանդէպ, նախկին պատգամաւոր Ռուբիկ Յակոբեանը՝ Հանրային հեռուստաընկերութեան մեկնաբան Պետրոս Ղազարեանի, Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահի պաշտօնակատար Գէորգ Դանիէլեանը՝ «Ազատութիւն» ռատիոկայանի թղթակից Արտակ Խուլեանի հանդէպ եւ այլն։

«Մենք՝ ներքոստորագրեալ կազմակերպութիւններս, վրդովմունք ենք արտայայտում այս դէպքերի առնչութեամբ ու անընդունելի ենք համարում իրենց մասնագիտական պարտականութիւնները կատարող լրագրողների հանդէպ նման վերաբերմունքը։ Մանաւանդ, որ այդ միջադէպերը զուգորդւում են ոչ միայն վիրաւորական արտայայտութիւններով, այլեւ զրպարտութեամբ եւ լրագրողի պատիւն ու արժանապատւութիւնը նսեմացնելով, ինչը կարող է դատական քննութեան առարկայ դառնալ», – ըսուած է յայտարարութեան մէջ։

Հաշուի առնելով վերոգրեալը՝ կազմակերպութիւնները կը պահանջեն քաղաքական գործիչներէն, պետական պաշտօնեաներէն՝ հանդուրժողականութիւն եւ զսպուածութիւն ցուցաբերել ԶԼՄ-ներու ներկայացուցիչներու հետ շփուելու ժամանակ, իսկ վերջիններուս կոչ է կ’ընէ՝ չխուսափելով սուր հարցադրումներէն, այդուհանդերձ, դրսեւորել անհրաժեշտ նրբանկատութիւն եւ պատասխանատուութիւն, հարազատ մնալ մասնագիտական էթիքայի նորմերուն, քանզի յաճախ քաղաքական դրդապատճառներով ստեղծուող լարուած իրավիճակները կրնան պայթունավտանգ դարձնել արդէն ծայրայեղ թէժ մթնոլորտը Լրագրողական դաշտի մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment