Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Փաշինեան․ ԵԱՏՄ-ը Դէպի Զարգացում եւ Նոր Հնարաւորութիւններ

Փաշինեան․ ԵԱՏՄ-ը Դէպի Զարգացում եւ Նոր Հնարաւորութիւններ

by MassisPost

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի այցը Ղազախստանի մայրաքաղաք աւարտած է։ Վարչապետի մամուլ խօսնակ Վլատիմիր Կարապետեանը «Ազատութեան» հետ հեռախօսազրոյցի ժամանակ յայտնած է, որ Փաշինեանը հանդիպած է տեղի հայ համայնքի հետ եւ մասնակցած է նաեւ պաշտօնական ճաշին։

«Հիմա մենք ինքնաթիռում ենք, պատրաստւում ենք թռիչքի: Մենք էստեղ ունէինք երկու ծրագիր, մէկը՝ վարչապետի այցելութեան ծրագիրն է, միւսը՝ ԵԱՏՄ բարձրագոյն խորհրդի նիստի ծրագիրը, որի նախագահողը մենք էինք: Երկուսն էլ ամբողջութեամբ կատարուել է, եւ բոլոր հանդիպումները ժամանակին տեղի են ունեցել», – ըսած է Կարապետեանը:

Ինչ կը վերաբերի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման, Հայաստանի վարչապետի մամուլի քարտուղարի խօսքով՝ նման հանդիպում նախատեսուած չէր։

Եւրասիական տնտեսական միութիւնը երթալով կը զարգանայ՝ նոր հնարաւորութիւններ բանալով անդամ երկրներու պիզնեսի եւ տնտեսութեան համար, Նուր-Սուլթանի մէջ յայտարարած է Հայաստանի վարչապետը: Անոր խօսքով՝ կ’ընդլայնուին նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան միջազգային գործընկերներու շրջանակը, մասնաւորապէս՝ շուտով ուժի մէջ պիտի մտնէ Իրանի հետ ազատ առեւտուրի մասին պայմանագիրը, ստորագրուած են տեղեկատւութեան փոխանակման պայմանագրեր Չինաստանի, Վիեթնամի հետ, այժմ բանակցութիւններ կ’ընթանան Սինկափուրի, Եգիպտոսի, Սերպիոյ հետ:

Նշենք, որ Ղազախստանի մայրաքաղաքին մէջ կայացած է Եւրասիական տնտեսական միութեան յոբելեանական գագաթնաժողովը, որու աշխատանքները ամփոփած են կազմակերպութիւնը այս տարի նախագահող Հայաստանի վարչապետը եւ Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի ղեկավար Տիգրան Սարգսեանը։

Նուր-Սուլթանի մէջ Հայաստանի վարչապետը նաեւ երկու երկկողմ հանդիպում ունեցած է՝ Ղազախստանի առաջին եւ գործող նախագահներու հետ։ Գործող նախագահ Քասիմ Ժոմարթ-Տոքաեւը Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ժամանակ մասնաւորապէս յայտարարած է, թէ Ղազախստանը մեծապէս հետաքրքրուած է շարունակելու ընդլայնել Հայաստանի հետ բարեկամական յարաբերութիւնները: Փաշինեանը համաձայնած է Թոքաեւի առաջարկին` յանձնարարած Հայաստանի եւ Ղազախստանի նախարարներուն աշխատիլ տնտեսական կապերու աշխուժացման ուղղութեամբ:

Ղազախստանի առաջին նախագահ Նուրսուլթան Նազարպաեւը Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ժամանակ նշած է, որ երկու երկիրներու միջեւ երբեւէ որեւէ խնդիր չէ եղած, եւ որ Հայաստանն ու Ղազախստանը ունեցած են լաւ յարաբերութիւններ: «Հայկական սփիւռքը կամուրջ կը հանդիսանայ, այստեղ ապրող հայերը մեր քաղաքացիներն են՝ ղազախստանցիներ են: Անոնք կը միաւորեն մեզ: Վերջին շրջանին մեր երկիրներու միջեւ առեւտուրը աճած է,  բայց փոխադրական միջոցներու անկազմակերպ վիճակի պատճառով այն կը տուժէ», – շեշտած է Նազարպաեւը՝ աւելցնելով, թէ նոր նախագահ Թոքաեւի օրօք Հայաստանի եւ Ղազախստանի յարաբերութիւնները պիտի ըլլան նոյնքան լաւ, ինչպէս եւ մինչ այդ էին։

Հայաստանի վարչապետը նոյնպէս վստահութիւն յայտնած է, որ Ղազախստանի նոր նախագահի հետ պիտի ունենան «նոյնպիսի ջերմ եւ կառուցողական յարաբերութիւններ»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment