Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վենետիկի Յանձնաժողովը Պատրաստ է Աջակցելու Հայաստանի Մէջ Դատական Համակարգի Բարեփոխումներուն

Վենետիկի Յանձնաժողովը Պատրաստ է Աջակցելու Հայաստանի Մէջ Դատական Համակարգի Բարեփոխումներուն

by MassisPost

Եւրոպայի խորհուրդի Վենետիկի յանձնաժողովի նախագահ Ճիանի Պուքիքիոն նամակ յղած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, որուն մէջ պատրաստակամութիւն յայտնած է աջակցելու երկրին մէջ դատական համակարգի նկատմամբ վստահութիւնը վերականգնելուն ուղղուած բարեփոխումներուն:

«Ես տեղեկացած եմ Ձեր վերջին՝ դատական համակարգին մէջ արմատական բարեփոխումներ ընելու, այդ շարքին՝ վեթինկ իրականացնելու կոչի մասին: Դուք ափսոսանքով կ’ըսէք, որ դատարանները չեն վայելեր հասարակութեան վստահութիւնը, եւ կը համարէք, որ կաշառակեր դատաւորները պէտք է հեռացուին կամ հրաժարական տան: Ժողովրդավարական երկրի մէջ դատական համակարգի նկատմամբ հանրային վստահութիւնը անշուշտ շատ կարեւոր հանգամանք է, եւ ես գիտեմ, որ դատարանները, ցաւօք, նման վստահութիւն չեն վայելեր Հայաստանի մէջ», – ըսուած է նամակին մէջ, որ «Ազատութեան» տրամադրած է Եւրոխորհուրդի մամուլի քարտուղարը:

«Վենետիկի յանձնաժողովը արդէն ընդունած եւ աջակցած է բովանդակային բարեփոխումներուն եւ անգամ վեթինկի գործընթացներուն նման իրավիճակի մէջ գտնուող այլ եւրոպական երկիրներու», – նշած է Վենետիկի յանձնաժողովի ղեկավարը՝ շարունակելով․ – «Ես պէտք է շեշտեմ՝ Վենետիկի յանձնաժողովը արդէն իսկ յայտարարած է, որ դատական բարեփոխումները պէտք է մշակուին ու իրականացուին իրաւական միջոցներով՝ համաձայն Սահմանադրութեան եւ հաշուի առնելով օրէնքի գերակայութեան ու մարդու իրաւունքներու յարգման եւրոպական չափանիշները: Այդպիսի բարեփոխումները կրնան հասնիլ օրէնքի գերակայութեան ամրապնդմանն ուղղուած իրենց նպատակին եւ կրնան նպաստել ձեր երկրին մէջ ժողովրդավարական ձգտումներու իրականացման, եթէ միայն այդ չափանիշները կը յարգուին»:

«Վենետիկի յանձնաժողովը պատրաստ է աջակցելու Ձեզի՝ Հայաստանի մէջ դատական համակարգի նկատմամբ վստահութիւնը վերականգնելուն ուղղուած բարեփոխումներու մշակման հարցով՝ պայմանաւ, որ յարգուին Հայաստանի Սահմանադրութիւնը եւ միջազգային համապատասխան չափանիշները», – Նիկոլ Փաշինեանին գրած է Ճիանի Պուքիքիոն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment