Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՈւԵՖԱ-ն Արգիլած է «Արսենալին» Որեւէ Աջակցութիւն Ցոյց Տալ Մխիթարեանին

ՈւԵՖԱ-ն Արգիլած է «Արսենալին» Որեւէ Աջակցութիւն Ցոյց Տալ Մխիթարեանին

by MassisPost

ՈւԵՖԱ-ի կանոններու պատճառով, «Արսենալի» խաղցողները պիտի չկարենան Հենրիխ Մխիթարեանին որեւէ աջակցութեան նշան ցուցաբերել՝ Պաքուի մէջ Եւրոպայի Լիկայի խաղի եզրափակիչին: Ինչպէս կը գրէ onefootball-ը, ակնյայտ է, որ ֆութպոլիսթները կը ծրագրէին խաղէն առաջ մարզման ժամանակ կրել Հենրիխ Մխիթարեանի անունով մարզաշապիկ, սակայն ՈւԵՖԱ-ն հաստատած է, որ նման քայլը արգիլուած է՝ «խիստ կանոններով»:

Խաղէն առաջ կամ անկէ ետք ֆութպոլիսթներու բոլոր հանդերձանքները, ներառեալ մարզաշապիկները, պէտք է հաստատուած ըլլան ՈՒԵՖԱ-ի կողմէ:

Նշենք, որ նախորդ շաբաթ տեղեկութիւն տարածուեցաւ, որ «Արսենալը» պատժի կ’ենթարկուի, եթէ երկրպագուները բողոքի ցոյց իրականացնեն։

Ինչպէս կը գրէ onefootball-ը, ՈւԵՖԱ-ն կանոններ ունի, որ ֆութպոլը պէտք չէ քաղաքականացուի, սակայն «Արսենալը» ունի խաղացող, որ չի կրնար ներկայ ըլլալ այս խաղին՝ միջազգային քաղաքականութեան պատճառով։

«Դուք չէք կրնար գոյութիւն ունենալ այս աշխարհին մէջ՝ առանց քաղաքականութեան մէջ ներգրաւուելու»,-գրած է կայքը։

Բացի այդ, ՈՒԵՖԱ-ի սեփական զեկոյցին մէջ նշուած է, որ Պաքուն չէր համապատասխաներ Եւրոպական լիկայի եզրափակիչ խաղի կայացման համար, պնդելով, որ տեղական բուհերու հանրակացարաններն ու ճամբարները անհրաժեշտ պիտի ըլլայ օգտագործել աջակիցներու համար։ ՈւԵՖԱ-ն Արսենալի ու Չելսիի երկրպագուներուն տրամադրած է ընդամէնը 12 հազար տոմս եւ չեն կրցած վաճառել բոլորը, քանի որ քաղաքի ենթակառուցուածքը չի կրնար ապահովել այդքան մարդոց ներկայութիւն։

«Սա բան մըն է, որուն մասին անոնք պէտք է տեղեակ ըլլային դեռ այն ժամանակ, երբ 2017-ին քաղաքին կու տային խաղը հիւրընկալելու թոյլտւութիւն։ ՈւԵՖԱ-ն շատ լաւ գիտէր, թէ ինչ կ’ընէ, երբ եզրափակիչը կու տար Պաքուին։ Ասոր նպատակն էր ստանալ եւս մէկ նաւթով հարուստ երկիր։ Եզրափակիչը տրուեցաւ երկրի մը, որ կը գտնուի Կասպից ծովի ափին նոյն այն պատճառներով, ինչպէս ՖԻՖԱ-ն Աշխարհի խաղերու հիւրընկալումը տուաւ Քաթարին։ Բարձր մակարդակի ֆութպոլն այլեւս ոչ թէ խաղի կամ երկրպագուներու մասին է, այլ չոր դրամի»,-գրած է կայքը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment