Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Փեքինի մէջ հանդիպում ունեցած է չինական քանի մը խոշոր ընկերութիւններու` Ganergy Heavy Industry Group, Hajer, Սինձեան նահանգի մէջ գործունէութիւն ծաւալող «Չժեն Ի» եւ MZTL ընկերութիւններու ղեկավարներու հետ:
Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի մէջ ներդրումային տարբեր ծրագրեր իրականացնելու հեռանկարներն ու հնարաւորութիւնները:
Նիկոլ Փաշինեանը գոհունակութիւն յայտնած է Չինաստան այցի արդիւնքներէն եւ նշած, որ յառաջիկային պէտք է քննարկուին այն քայլերը, որոնք կը նպաստեն երկկողմ տնտեսական կապերու աշխուժացման: «Այսօր Հայաստանում կատարւում են լուրջ փոփոխութիւններ, մեր երկրում վերացուած են համակարգային կաշառակերութիւնը, տնտեսական մենաշնորհները: Մեր քայլերն ուղղուած են տնտեսվարողների համար հաւասար պայմանների ստեղծմանը եւ պիզնես միջավայրն առաւել գրաւիչ դարձնելուն»,- ըսած է վարչապետը` աւելցնելով, որ հաշուի առնելով Չինաստանի հետ ձեւաւորուած բարձր մակարդակի քաղաքական երկխօսութիւնը` նպաստաւոր պայմաններ ստեղծուած են չինական ներդրումներու համար:
Ganergy Heavy Industry Group-ի ներկայացուցիչները ըսած են, որ հետաքրքրուած են Հայաստանի մէջ արդիւնաբերութեան, ինչպէս նաեւ ներդրումներու ոլորտներուն մէջ գործունէութեան իրականացմամբ:
«Չժեն Ի» ընկերութիւններու ներկայացուցիչները նշած են, որ պատրաստ են Չինաստան ներմուծել հայկական քոնեաք, գինի, գիւղատնտեսական վերամշակուած ապրանքներ, նաեւ ներդրումներ կատարել Հայաստանի մէջ` ստեղծելով արդիւնաբերական գօտի:
MZTL ընկերութեան ղեկավարներն ալ պատրաստակամութիւն յայտնած են Հայաստանի մէջ հիմնելու վերելակներու արտադրութիւն: Այդ նպատակով ընկերութիւնը կը պատրաստուի Հայաստան տեղափոխելու վերելակներու փոքր խմբաքանակ` անոնց արդիւնաւէտութիւնը գնահատելու նպատակով:
Փաշինեանը առաջարկած է նշուած ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն Հայաստանի կառավարութեան ոլորտային պատասխանատուներուն հետ քննարկել համագործակցութեան յետագայ քայլերը, այդ շարքին` Մեղրիի ազատ տնտեսական գօտիին մէջ չինական ընկերութիւններու գործունէութեան հեռանկարները: Ան ընդգծած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի կառուցումը կը դիտարկէ որպէս հաղորդակցութեան եւ փոխադրութեան միջանցք եւ ուրախ է, որ Չինաստանի կառավարութիւնը հետաքրքրուած է նաեւ այդ ծրագրի իրականացման շուրջ համագործակցութեամբ:
Երեւան վերադառնալէ առաջ Նիկոլ Փաշինեանը այցելած է նաեւ Չինաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւն: Վարչապետի աշխատանքային այցը Չինաստան աւարտած է: