Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Բակօ Սահակեանը եւ Արկադի Ղուկասեանը Ներկայացան Դատարան Ռոպերթ Քոչարեանին ի Նպաստ Երաշխաւորագիր Ներկայացնելու

Բակօ Սահակեանը եւ Արկադի Ղուկասեանը Ներկայացան Դատարան Ռոպերթ Քոչարեանին ի Նպաստ Երաշխաւորագիր Ներկայացնելու

by MassisPost

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանի Նոր Նորքի նստավայրին մէջ կը շարունակուի Մարտ 1-ի գործով առանցքային մեղադրեալ Ռոպերթ Քոչարեանի եւ միւսներու գործով նախնական դատական նիստը։

Արցախի ներկայ եւ նախկին նախագահները՝ Բակօ Սահակեանը եւ Արկադի Ղուկասեանը,  ներկայացած են  դատարան՝ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոց կալանաւորումը փոխելու վերաբերեալ երաշխաւորագիր ներկայացնելու նպատակով:

Անոնք հաստատած են իրենց երաշխաւորութիւնը. Այս դէպքերով նախատեսուած ընթացակարգի համաձայն՝ իւրաքանչիւրը 500-հազարական դրամ վճարած են Ռոպերթ Քոչարեանին ազատութեան մէջ տեսնելու համար։

Դատարանը բաւարարած է սահմանադրական կարգը տապալելու մէջ մեղադրուող Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտպաններու միջնորդութիւնը դատական նիստը դռնփակ շարունակելու վերաբերեալ։

Պաշտպանական կողմը նշած է, որ իրենց խօսքին մէջ հնարաւոր է պետական գաղտնիքին առնչուող տեղեկութիւններ ըլլան, ինչի համար ալ ներկայացուցած են միջնորդութիւնը։

«Մարտ 1»-ի գործով սահմանադրական կարգը տապալելու եւ առանձնապէս խոշոր չափի կաշառք ստանալու մէջ մեղադրուող Քոչարեանը կալանաւորուած է անցած տարուան 7 Դեկտեմբերէն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment