Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայաստանի ու Ղազախստանի Միջեւ Գործակցութիւնը Կրնայ Աւելի Զարգանալ». Արմէն Սարգսեան

«Հայաստանի ու Ղազախստանի Միջեւ Գործակցութիւնը Կրնայ Աւելի Զարգանալ». Արմէն Սարգսեան

by MassisPost

Հայաստանի ու Ղազախստանի միջեւ գործակցութիւնը կրնայ աւելի հեռուն երթալ թէ՛ տնտեսութեան, թէ՛ մշակոյթի ոլորտներու մէջ, Նուր-Սուլթանի մէջ ըսած է Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանը՝ Ղազախստանի նախագահ Քասիմ-Ժոմարթ Թոքաեւի հետ հանդիպման ժամանակ։

Արմէն Սարգսեանը Նուր-Սուլթան գացած է Ղազախստանի նախագահի հրաւէրով՝ մասնակցելու տնտեսական 12-րդ ամէնամեայ ֆորումին, որ այս տարի տեղի կ’ունենայ  «Ոգեշնչող աճ. մարդիկ, քաղաքներ, տնտեսութիւններ» խորագրի ներքոյ:

«Այսօր կրնանք վստահօրէն ըսել, որ մեր երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները շատ լաւ հիմքերու վրայ են: Մենք սերտօրէն կը համագործակցինք նաեւ տարածաշրջանային եւ միջազգային այնպիսի կազմակերպութիւններու շրջանակէն ներս, ինչպիսին են Միաւորուած ազգերու կազմակերպութիւնը (ՄԱԿ) եւ Հաւաքական անվտանգութեան մասին Պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) », – ըսած է Ղազախստանի նախագահը:

Արմէն Սարգսեանը շնորհակալութիւն յայտնած է ֆորումին մասնակցելու հրաւէրի համար։

«Մենք 21-րդ դարում ենք, որն էականօրէն տարբերուելու է 20-րդ դարից: Եւ այս առումով, կարծում եմ, որ Հայաստանի ու Ղազախստանի միջեւ գործակցութիւնը կարող է աւելի հեռուն գնալ թէ՛ տնտեսութեան ոլորտում՝ ներառելով նոր արհեստագիտութիւնները, թէ՛ մշակոյթի ոլորտում», – ընդգծած է Հայաստանի նախագահը:

Հանդիպման մասնակիցները քննարկած են ինչպէս երկկողմ, այնպէս ալ բազմակողմ՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան եւ Հաւաքական անվտանգութեան մասին Պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) շրջանակներու մէջ համագործակցութեան հարցեր: Կարեւորուած է առեւտրատնտեսական, մշակութային եւ մարդասիրական ոլորտներու մէջ գործակցութեան խորացումը։

Նախագահները առանձնայատուկ ընդգծած են Ղազախստանի հայ համայնքի դերը՝ երկու երկիրներու միջեւ պատմականօրէն ձեւաւորուած բարեկամական յարաբերութիւններու պահպանման ու զարգացման մէջ։

Թոքաեւը ջերմութեամբ խօսած է հայ համայնքի մասին՝ նշելով, որ անոնք Ղազախստանի արժանի քաղաքացիներ են եւ իրենց ներդրումը ունին երկրի ընկերային-տնտեսական զարգացման գործին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment