Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Յեղափոխութեան Յաղթանակէն Տարի Մը Ետք՝ Հայաստան Ճիշդ Ուղիի Վրայ

Յեղափոխութեան Յաղթանակէն Տարի Մը Ետք՝ Հայաստան Ճիշդ Ուղիի Վրայ

by MassisPost

Տարի մը առաջ՝ Մայիս 8-ին Հայաստանի Ազգային Ժողովը ժողովրդային շարժման առաջնորդ՝ Նիկոլ Փաշինեանին ընտրեց վարչապետ՝ թաւշեայ յեղափոխութիւնը հասցնելով իր յաղթական ու տրամաբանական աւարին: Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հարիւր հազարաւորներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցող տօնախմբութիւնը տարածուեցաւ նաեւ սփիւռքի գաղթօճախներէն ներս՝ վերածնունդի զգացմունքով պատելով համայն հայութիւնը:

Անցնող մէկ տարուայ ընթացքին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան հսկայական փոփոխութիւններ: Սկսաւ պայքար կաշառակերութեան ու քաղաքական փտախտի դէմ ու համակարգային կոռուպցիան դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ: Շօշափելի քայլեր առնուեցան տնտեսական մենաշնորհները վերացնելու ուղղութեամբ: Կազմաքանդուեցաւ օլիկարխիկ համակարգը ու երկրի կառավարման մէջ գործարարներու ազդեցութեան լծակները մեծապէս նուազեցան: Սկսաւ գործել ազատ ու արդար ընտրութիւններու համակարգը, մեծ յառաջընթաց արձանագրուեցաւ մամուլի եւ ազատութիւններու գծով, ժողովուրդը սկսաւ զգալ որ ինքն է իր պետութեան տէրը ու մասնակից է երկրի կառավարման գործին: Ամենէն կարեւորը՝ արտագաղթը սկսաւ դանդաղեցման միտումներ ցոյց տալ: Շարքը տակաւին կարելի է երկարել:

Ինչպէս որեւէ նոր իշխանութեան պարագային, սխալներն ու բացթողումները անխուսափելի էին: Քսան տարուայ ընթացքին կուտակուած արտաքին քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, պետական կառավարման եւ այլ մարզերու մէջ խնդիրները դժուար է լուծել մէկ կամ երկու տարուայ ընթացքին: Փաշինեանի կառավարութեան հասցէին հնչող քննադատութիւնները որոշ պարագաներուն ճիշդ ըլլալով հանդերձ, խորքային առումով երկրորդական կամ երրորդական հարցեր են, որոնք շատ յաճախ, հրապարակ գալէ ետք, կ՛արժանանան անմիջական լուծումներու:

Կը յուսանք որ, մօտ ապագային կը յաղթահարուին նաեւ ընկերային հարցերը՝ աղքատութեան պարագան, աշխատատեղերու ստեղծման ու կենսամակարդակի բարձրացման եւ այլ հարցերը:

Յեղափոխութենէն տարի մը ետք հիմնական մարզերու մէջ դրական փոփոխութիւնները զգալի են ու Հայաստան ճիշդ ուղիի վրայ է:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment