ՀՀ կառավարութիւն ներկայացուած է 2.7 միլիառ տոլարի ներդրումային ծրագրեր՝ աջակցութիւն ստանալու ակնկալիքով:
ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան օրէնսդրական նախաձեռնութեան մասին ներկայացուցած է նախարար Տիգրան Խաչատրեանը:
«Ամփոփուել են մասնաւոր հատուածի ներդրումային կազմակերպութիւնների կողմից ներկայացուող այն ներդրումային ծրագրերը, որոնք շրջանառւում են կառավարութիւնում, կառավարութեան կողմից այս կամ այն աջակցութիւն ստանալու ակնկալիքով: Դրանք վերաբերում են ջերմուժի, մշակող արդիւնաբերութեան, ենթակառուցուածքների, ՏՏ-ի եւ զբօսաշրջութեան ոլորտներին: Ընդհանուր թուով այդպիսի ծրագրերն այս պահին մօտ 6 տասնեակ են, դրանց հանրագումարային արժէքը մօտ 2.7 միլիառ տոլար է, կամ մէկ ծրագիրը՝ միջին հաշուով մօտ 47-48 միլիոն տոլար արժէքով»,- նշած է նախարարը:
Ան վստահեցուցած է, որ աշխատանքներ կ’իրականացուին այդ ծրագրերու առաջընթացը ապահովելու ուղղութեամբ: Այդ կազմակերպութիւններու հարցերը կը քննարկուին գերատեսչութիւններուն մէջ՝ այդ շարքին աջակցութիւն ստանալով տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան համապատասխան ստորաբաժանումներու կողմէ:
Ներդրումային ծրագրերը ներկայացուած են ինչպէս օտարերկրեայ, այնպէս ալ տեղական ներդրողներու կողմէ: Ներդրումային ծրագրերէն 38-ը իրատեսական կամ կարճաժամկէտ կտրուածքով ներդրումներու իրականացման հնարաւորութիւն ունեցող ծրագրերն են, իսկ 19-ը նախնական կամ երկարաժամկէտ կտրուածքով ներդրումներու իրականացման հնարաւորութիւն ունեցող ծրագրերը:
Տիգրան Խաչատրեանը նաեւ նշած է, որ կառավարութեան ծրագրին մէջ յայտարարուած է նպատակը, որուն հասնելու համար պէտք է ուղղուած ըլլան իրենց կողմէ իրականացուող բոլոր քայլերը: Այն համախառն ներքին արդիւնքի նկատմամբ 23 տոկոսը գերազանցող ներդրումներն են հիմնական միջոցներուն մէջ: 2018-ի արդիւնքներով այդ թիւը մօտ 17 տոկոսի սահմաններու մէջ է: