Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Միրզոյեանը Ծառուկեանին Կոչ Կ’ընէ Հրապարակային Պարզաբանումներ Ներկայացնել

Միրզոյեանը Ծառուկեանին Կոչ Կ’ընէ Հրապարակային Պարզաբանումներ Ներկայացնել

by MassisPost

Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը հրապարակած է «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանին ուղղուած իր գրութիւնը, որուն մէջ կոչ կ’ընէ անոր հրապարակային պարզաբանումներ ներկայացնելու քննադատութեան վերաբերեալ, թէ Ծառուկեանը կը զբաղուի ձեռնարկատիրական գործունէութեամբ։

«Ազգային ժողովում «Պետական տուրքի մասին» օրէնքում լրացում կատարելու մասին» օրէնքի նախագծի քննարկման ընթացքում Ձեր ելոյթում եւ դրան յաջորդած հարցազրոյցների ընթացքում Ձեր կողմից հնչեցրած յայտարարութիւնները Ազգային ժողովի մեր գործընկերների, արտախորհրդարանական քաղաքական ուժերի, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչների եւ լայն հանրութեան շրջանում արդարացի մտահոգութիւններ եւ ողջամիտ կասկածներ են առաջացրել Ձեր կողմից ձեռնարկատիրական գործունէութեամբ զբաղուելու վերաբերեալ, մինչդեռ Սահմանադրութեամբ եւ օրէնքներով Ազգային ժողովի պատգամաւորին արգելւում է անձամբ զբաղուել ձեռնարկատիրական գործունէութեամբ», – գրած է Միրզոյեանը։

ԱԺ նախագահը նաեւ յայտնած է, որ խնդրի շուրջ հրաւիրուած է իրաւապահ մարմիններու ուշադրութիւնը, բացի այդ՝ իրեն առաջարկած են այս հարցով ստեղծել էթիքայի յանձնաժողով։

Միրզոյեանը, սակայն, նկատել տուած է, որ էթիքայի յանձնաժողովի ստեղծման նախաձեռնութիւնը դուրս է Ազգային ժողովի նախագահի լիազօրութիւններէն, բացի այդ՝ «տարատեսակ շահարկումներու տեղիք» կրնայ տալ։ Ապա աւելացուցած է՝ «այս իրավիճակում, կարծում եմ, Ծառուկեանը առնուազն պէտք է սպառիչ հրապարակային պարզաբանումներ ներկայացնի խնդրի վերաբերեալ»։

Յղում ընելով օրէնքներուն՝ խորհրդարանի խօսնակը յիշեցուցած է, որ «պատգամաւորը պարտաւոր է իր լիազօրութիւններն իրականացնելիս չառաջնորդուել իր կամ իր հետ փոխկապակցուած անձանց անձնական շահերով եւ չօգտագործել պատգամաւորի պաշտօնի հեղինակութիւնն ի շահ իրեն կամ այլ անձի»։

Արարատ Միրզոյեանը վստահութիւն յայտնած է, որ վերջին մէկ տարուան մէջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները կը վերացնեն սեփական պիզնես շահերը քաղաքական դերակատարութեամբ հովանաւորելու՝ անգամ քօղարկուած մեխանիզմներու անհրաժեշտութիւնը, «երբ տե-եուրէ (օրինականապէս) պատգամաւորը կարող էր իր ձեռնարկութիւնը յանձնել հաւատարմագրային կառավարման, սակայն փաստացի շարունակել զբաղուել դրա անմիջական կառավարմամբ»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment