Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մանուէլ Գրիգորեանի Նախնական Դատական Նիստը. Ան կը Շարունակէ Մնալ Կալանքի Տակ

Մանուէլ Գրիգորեանի Նախնական Դատական Նիստը. Ան կը Շարունակէ Մնալ Կալանքի Տակ

by MassisPost

Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը որոշած է անփոփոխ թողել նախկին պատգամաւոր, 6 յօդուածներով մեղադրուող Մանուէլ Գրիգորեանի խափանման միջոց կալանքը։ 62-ամեայ Գրիգորեանը կալանքի տակ է Յունուարի վերջէն։

Դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեանը յայտարարած է․ «Մեղադրեալ Մանուէլ Գրիգորեանի նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոց կալանաւորումը թողնենք անփոփոխ, հիմնաւոր լինելու պատճառով։ Պաշտպանի միջնորդութիւն՝ կալանաւորումը գրաւով փոխելու մասին, մերժել, անհիմն լինելու պատճառով»։

Սա Մանուէլ Գրիգորեանի եւ անոր կնոջ՝ Նազիկ Ամիրեանի գործով նախնական դատական նիստն էր, ուր կը քննուէր բացառապէս խափանման միջոցի հարցը։ Այս նիստին պիտի յաջորդէ բուն դատավարութիւնը։

Գրիգորեանը կը մեղադրուի ապօրինի կերպով զէնք-զինամթերք պահելու, աւելի քան 101 միլիոն դրամի գոյք իւրացնելու, աւելի քան 1 միլիառ դրամի հարկերու վճարումէն խուսափելու, պետական միջոցներէն աւելի քան 1 միլիառ դրամ վատնելու եւ շորթմամբ 37 միլիոն դրամ արժողութեամբ գոյքի յափշտակութիւնը կազմակերպելու մէջ:

Նազիկ Ամիրեանը կը մեղադրուի ամուսինին, որդիին՝ Արման Գրիգորեանին եւ քննութեամբ չպարզուած այլ անձերու հետ նախնական համաձայնութեամբ ապօրինի կերպով իրենց պատկանող երեք տուներուն մէջ ռազմամթերք, պայթուցիկ նիւթեր պահելու, ինչպէս նաեւ տարբեր տեսակի յափշտակութիւններ կատարելու մէջ։ 52-ամեայ Նազիկ Ամիրեանին խափանման միջոց ընտրուած է ստորագրութիւնը չհեռանալու մասին։

Նազիկ Ամիրեանը դժկամութեամբ պատասխանած է լրագրողներու հարցերուն։ Ամուսինները չեն ընդունիր մեղադրանքը, իսկ Ամիրեանն ալ «շոու» որակած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան հրապարակած տեսանիւթը Գրիգորեանին պատկանող տարածքին մէջ յայտնաբերուածին մասին։

«Հերոսը չի սողում, եթէ իրանց թւում է՝ պէտք է չորեքթաթ գնար, ուրեմն աւելի լաւ է թող իրանք գնան։ Քատրերը… շոու սարքելը շատ լաւ բան ա, իսկ ապացուցելը յետոյ կ’երեւայ՝ դատարանում», – յայտարարած է Ամիրեանը։

Դիտարկման, թէ Գրիգորեաններուն պատկանող տարածքներուն մէջ ԱԱԾ-ն նաեւ զէնք-զինամթերք յայտնաբերած էր, Ամիրեանը արձագանգած է․«Շատ կը ներէք, այդ զէնք-զինամթերքը բոլորն օրինական են»։

Դատական նիստի ընթացքին փաստաբանները պնդած են՝ արդէն մէկ ամիսէն աւելի հիւանդանոցը գտնուող Մանուէլ Գրիգորեանը ցանկութիւն յայտնած է ներկայանալու նիստին, բայց չէ կրցած, անոնք դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեանէն խնդրած են յետաձգել նիստը։ Դատաւորը, սակայն հակադարձած է՝ չի կրնար, քանի որ օրէնքով նախատեսուած ժամկէտ կայ խափանման միջոցի հարցի քննութեան համար, իսկ այդ ժամկէտը լրացած է։

Մանուէլ Գրիգորեանի փաստաբանները պնդած են՝ Գրիգորեանը շարք մը հիւանդութիւններ ունի՝ մասնաւորապէս շաքարախտ եւ թոքի քաղցկեղ եւ պէտք չէ գտնուի կալանքի տակ:

Մեղադրող դատախազները հակադարձած են՝ վերաքննիչ դատարանը դեռ Ապրիլին հաստատած է, որ ազատութեան մէջ Գրիգորեանը կը խոչընդոտէ գործի քննութեան։ Դատախազ Վահէ Դոլմազեանը նաեւ աւելցուցած է՝ Գրիգորեանի քաղցկեղը բուժուած է: Աւելի ուշ «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ դատախազը պնդած է իր տեսակէտը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment