Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Gatestone Institute․ Ցեղասպանութեան Ժխտմամբ Թուրքիան կը Մնայ Յետամնաց Երկիր

Gatestone Institute․ Ցեղասպանութեան Ժխտմամբ Թուրքիան կը Մնայ Յետամնաց Երկիր

by MassisPost

Gatestone Institute-ի կայքին մէջ հրապարակուած է թուրք լրագրող Ուզայ Պուլութի յօդուածը՝ վերնագրուած «Թուրքիա․ Ցեղասպանութեան յիշատակման օրը հայերը դեռ յարձակման թիրախ են»։

Յօդուածին մէջ նշուած է, որ Ապրիլ 24-ին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցն էր: 1915 -ի այս օրը Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ձերբակալուած ու յետագային սպաննուած են հայ մտաւորականներն ու համայնքի ղեկավարները: Հաշուարկուած է, որ մօտ 1,5 միլիոն հայեր զոհուած են:

«Այդ ժամանակէն ի վեր թրքական իշխանութիւնները թշնամանքով կը ժխտեն, որ ցեղասպանութիւնը նոյնիսկ տեղի ունեցած է, թէ թուրքերը ըրած են այն եւ կը տուգանեն անոնց, որոնք կը համարձակին այլ բան ըսել: Կառավարութեան կողմէ ֆինանսաւորուող Թուրքիոյ պատմութեան հիմնարկը (TTK) վերջերս յայտարարեց, որ կը պատրաստուի 25 հատորով «հերքել Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը» ցեղասպանութեան մէջ: TTK-ն նաեւ նկարահանած է «Հայերու ապստամբութիւնը ընդդէմ Օսմանեան պետութեան, ահաբեկչութիւն ու քարոզչութիւն» փաստավաւերագրական ֆիլմը՝ պնդելով, որ հայերը սկսած են 1915 թուականին իսլամներու դէմ «վայրագութիւններ» կատարել, որոնց թուրքերը արձագանգած են «վերաբնակեցմամբ»: Այս առումով, ըստ նկարահանուած նիւթի, հայկական սփիւռքը կը շարունակէ «սուտեր տարածել, այսպէս կոչուած, Հայոց ցեղասպանութեան» մասին»,-ըսուած է յօդուածին մէջ:

armenian genocide

Կը նշուի, որ թրքական կառավարութեան կողմէ շարունակուող ցեղասպանութեան ժխտման հետ մէկտեղ, կայ նաեւ թրքական հասարակութեան շատ անդամներու փորձերը՝ ջնջելու հայկական կրօնն ու մշակոյթը՝ յարձակումներ իրականացնելով հայկական եկեղեցիներու վրայ։ Անոնց շարքին են Պոլսոյ մէջ գործող հայկական եկեղեցիները։ Փետրուարին, օրինակ, Պոլսոյ Պալաթ թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ վրայ յայտնուած էր գծագրուած նախազգուշացում. «Դուք մեռած էք»: Անցեալ տարի Պոլսոյ մէջ գտնուող հայկական Ծնունդ Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ պատերուն վրայ ներկանիւթերով գրուած էր «Այս հայրենիքը մերն է»: Կը նշուի վերջերս Կարսի մէջ Չարենցի տան քանդման մասին, 2016-ին Մխիթարեան հայկական դպրոցի վրայ յայտնուած կոչը՝ «խոշտանգել հայերը»:

Թուրքիոյ մէջ հայ համայնքի թիւը ներկայիս կը կազմէ մօտաւորապէս 60.000 եւ կը նուազի` երկրին մէջ լարուած քաղաքական մթնոլորտի ու բռնութիւններու հետեւանքով: Թուրքիայէն մէկ հայ, որ իր ընտանիքը տեղափոխած է Եւրոպա, «Ակօս»ին ըսած է, որ կ’ուզեն իրենց երեխաները ապրին աւելի քաղաքակիրթ պայմաններու մէջ։

«Թուրքիան առնուազն 5 սերունդի համար խաղաղ չէ եղած։ Թուրքիան չէ կրցած հասնիլ ժամանակակից քաղաքակրթութիւններու մակարդակին եւ կարծես թէ այն դեռ չի ալ հասնիր յաջորդ 30 տարիներու ընթացքին»,-ըսած է զրուցակիցը:

«Շարունակելով ժխտել Հայոց ցեղասպանութիւնը, յատկապէս այն ժամանակ, երբ քրիստոնեաները կը հալածուին ու կը սպաննուին ողջ աշխարհի մէջ, Թուրքիոյ միակ ուղին է՝ մնալ յետամնաց, չքաղաքակրթուած ու ոչ արժանի՝ Եւրոպային մաս դառնալու իր ձգտումներուն»,-գրած է յօդուածագիրն ու մէջբերած ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջերս ըրած յայտարարութիւնը, որ «Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը զուտ հայ-թրքական յարաբերութիւններու ծիրը չէ, այլ ցեղասպանութիւններու համաշխարհային կանխարգելման ու համաշխարհային անվտանգութեան ապահովման ծիրէն ներս է, քանի որ ակնյայտ է, որ ցեղասպանութիւններու ճանաչումն ու դատապարտումը ամենաարդիւնաւէտն է՝ նոր ցեղասպանութիւններու կանխման համար»։

Կը նշուի, որ Թուրքիոյ մէջ ծնած ու մեծցած իսլամ Ուզայ Պպւլութը այժմ կը բնակի ԱՄՆ-ի մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment