Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դատախազը՝ Մարտ 1-ի Դատավարութեան Մասին. «Երեք Նախագահներն ալ Դատարան Պիտի Գան»

Դատախազը՝ Մարտ 1-ի Դատավարութեան Մասին. «Երեք Նախագահներն ալ Դատարան Պիտի Գան»

by MassisPost

Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեանը չի ժխտեր այն, որ իշխանափոխութիւնը մեծ դեր խաղացած է Մարտ 1-ի գործի վերաբացման հարցով։ Ըստ անոր՝ իշխանափոխութենէն ետք մարդիկ սկսած են համագործակցիլ իրաւապահ մարմիններու հետ եւ անկաշկանդ տեղեկութիւններ հաղորդել։

Այս մասին խորհրդարանէն ներս՝ լրագրողներուն հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Արթուր Դաւթեանը։

«Իշխանափոխութիւնը կապ ունէր ակնյայտօրէն, բայց ամենակարեւոր ազդակն այն է, որ մարդիկ համագործակցեցին: Դուք կը տեսնէք անձանց, ովքեր հրապարակային ցուցմունքներ են տալիս։ Իշխանափոխութիւնը կապ ունեցաւ, որ քաղաքացին անկաշկանդ տեղեկութիւններ ներկայացրեց, դատավարութեան մասնակիցն անկաշկանդ տեղեկութիւններ ներկայացրեց, մասնակցեց քննչական գործողութիւնների կատարմանը»,- ըսած է Դաւթեանը։

Գլխաւոր դատախազի վստահեցմամբ՝ Մարտ 1-ի գործի դատավարութեան գրեթէ ամբողջ ընթացքը հանրութիւնը կը տեսնէ եւ կու տայ իր գնահատականները։

«Բացառիկ աննախադէպ դատավարութիւն է լինելու: Դուք կը տեսնէք Երրորդ հանրապետութեան ժամանակուայ նուազագոյնն ասեմ՝ երեք նախագահներին տարբեր դատավարական կարգավիճակով, կը տեսնէք բազմաթիւ հասարակական, քաղաքական գործիչների, նախկին ու ներկայ պաշտօնատար անձանց»,- ըսած է Դաւթեանը։

Գլխաւոր դատախազի խօսքով՝ 2008 թուականի Մարտ 1-ի դէպքերէն ետք ամենատարբեր շշուկներն ու մեկնաբանութիւնները եղած են, ու հիմա ալ կ’ըլլան։ «Բայց շատ կարեւոր է, որ հրապարակային դատաքննութեամբ մեր հանրութիւնը կը տեսնի իւրաքանչիւրին, իւրաքանչիւրի յայտնած տեղեկութիւնները, եւ պայմանական ասուած՝ ինքն էլ իր համար գնահատականներ կը տայ»,- ըսած է ան։

Ինչ կը վերաբերի այն հարցին, թէ արդեօք ամբողջ դատավարութիւնը դռնբաց պիտի ըլլայ, Արթուր Դաւթեանը ըսած է, որ կ’ըլլան փոքր հատուածներ, որոնք դռնփակ են։ «Բայց, որպէս կանոն, հրապարակային կը լսէք մարդկանց ցուցմունքները»,- աւելցուցած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment