Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հրապարակուեցաւ Քոչարեանի Եւ Միւսներու Գործով Մեղադրական Եզրակացութեան Համառօտ Բովանդակութիւնը

Հրապարակուեցաւ Քոչարեանի Եւ Միւսներու Գործով Մեղադրական Եզրակացութեան Համառօտ Բովանդակութիւնը

by MassisPost

Հրապարակուած է Ռոպերթ Քոչարեանի եւ միւս նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներու գործի մեղադրական եզրակացութեան համառօտ բովանդակութիւնը:

Երկրորդ նախագահ Քոչարեանին, մասնաւորապէս, մեղադրանք առաջադրուած է, որ մինչեւ 2008 թուականի 9 Ապրիլը զբաղցնելով նախագահի պաշտօնը, Սահմանադրութան ուժով հանդիսանալով պետութեան գլուխը եւ կրելով Սահմանադրութեան հետեւելու, օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւններու բնականոն գործունէութիւնը ապահովելու պարտականութիւններ, ինչպէս նաեւ օժտուած ըլլալով մշտապէս կազմակերպչական-տնօրինչական եւ վարչատնտեսական գործառոյթներ իրականացնող պաշտօնատար անձի լիազօրութիւններով, այլ անձերու հետ յանցակցութեամբ, տապալած է սահմանադրական կարգը:

Ըստ միւս մեղադրանքի, Քոչարեանը իր պաշտօնէական դիրքը օգտագործելով «Թի Էս Էս Սի Արմէնիա» ՍՊ ընկերութեան միակ մասնակից եւ տնօրէն Սիլվա Համբարձումեանի օգտին գործողութիւններ կատարելուն նպաստած է, այն է՝ այդ ընկերութեան տրամադրուած ընդերքը օգտակար հանածոներու շահագործման նպատակով ուսումնասիրութեան յատուկ իրաւասութիւններով ընկերութեան 100 տոկոս բաժնեմասը Հայաստանի մէջ արտասահմանեան ընկերութեան վաճառելու գործարքին չխոչընդոտելու համար, 2008 թուականի Փետրուարին եւ Մայիսին Սամուէլ Մայրապետեանի օժանդակութեամբ անկէ ստացած է առանձնապէս խոշոր չափերով՝ 927 միլիոն դրամին համարժէք 3 միլիոն տոլար կաշառք:

Սեյրան Օհանեանին մեղադրանք առաջադրուած է, որ 2008-ին հանդիսանալով պաշտպանութեան նախարարութեան Զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետը, այլ անձերու հետ յանցակցութեամբ, տապալած է սահմանադրական կարգը:

Եուրի Խաչատուրովին մեղադրանք առաջադրուած է, որ 2008-ին հանդիսանալով պաշտպանութեան նախարարի տեղակալը-Երեւանի կայազօրի պետը, այլ անձերու հետ յանցակցութեամբ, տապալած է սահմանադրական կարգը:
Արմէն Գէորգեանին մեղադրանք առաջադրուած է, որ մինչեւ 2008 թուականի 21 Ապրիլը զբաղցնելով Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի եւ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի պաշտօնները օժանդակած է նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանին՝ տապալելու սահմանադրական կարգը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment