Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանի Մէջ Կայացաւ Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի Նիստ

Երեւանի Մէջ Կայացաւ Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի Նիստ

by MassisPost

Ապրիլ 30-ին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի նախագահութեամբ Երեւանի «Կարէն Տեմիրճեանի» անուան մարզահամերգային համալիրէն ներս կայացաւ Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի հերթական նիստի աշխատանքները:

Նեղ կազմով նիստին, որուն մասնակցած էին միայն Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարները, յաջորդած է ընդլայնուած կազմով նիստը:

Նեղ կազմով նիստի բացման ժամանակ Փաշինեան յայտարարած է, որ օրակարգի վրայ եղող երեք հիմնական հարցերը կը վերաբերին թուային օրակարգին, առցանց առեւտուրին եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան հետագայ ընդելուզման, ընդելուզման խորացման:

Ընդլայնուած կազմով նիստին Փաշինեանը խօսած է Հայաստանի մէջ փտածութեան դէմ պայքարի, ժողովրդավարութեան կայացման մասին:

Ինչ կը վերաբերի ԵԱՏՄ-ին, ան նշած է, որ Հայաստանը շահագրգռուած է առկայ խոչընդոտներու վերացմամբ, եւ առանձնայատուկ կանգ առած է, ինչպէս ըսաւ ան, ուժանիւթակիրներու խտրական գիներու հարցի վրայ՝ ըստ էութեան ակնարկելով, որ միութեան անդամ երկիրները տարբեր գիներով կը ստանան ուժանիւթակիրները՝ կազը, նաւթը, նաւթամթերքը, եւ այդ իր ազդեցութիւնը կ’ունենայ տարբեր երկիրներու արտադրանքին վրայ:

«Մենք ձգտում ենք ԵԱՏՄ-ում Հայաստանի առաւելագոյնս արդիւնաւէտ մասնակցութեանը՝ միեւնոյն ժամանակ ջանքեր գործադրելով համագործակցութեան մեխանիզմների կատարելագործման եւ ընդելուզման տարածքի արդիւնաւէտ գործունէութեան համար», – յայտարարած է ՀՀ վարչապետը:

«Ուրախ եմ արձանագրել, որ նկատւում է Հայաստանի եւ միութեան անդամ երկրների միջեւ ապրանքաշրջանառութեան աճ: Եւրասիական տնտեսական միութեան երկրների տեսակարար կշիռը Հայաստանի արտահանման մէջ 2018 թուականին հասել է 28,5 տոկոսի: Արտահանումը դէպի միութեան անդամ երկրներ աճել է 20 տոկոսով, իսկ ընդհանուր ապրանքաշրջանառութիւնը՝ 11 տոկոսով», – նշած է Փաշինեանը՝ վստահեցնելով. – «Հայաստանն իր նախագահութեան ընթացքում կը գործադրի բոլոր ջանքերը՝ ընդելուզման դրական ընթացքի ամրապնդման եւ համագործակցութեան նոր մեխանիզմներու եւ ճանապարհներու որոնման հարցում»:

«Եւրասիական տնտեսական միութեան կարեւորագոյն ընդելուզման ուղղութիւններից է կազի, նաւթի եւ նաւթամթերքի ընդհանուր շուկաների ստեղծումը եւ ընդհանուր ելեկտական ուժանիւթի շուկայի աստիճանաբար ձեւաւորումը: Մենք անհրաժեշտ ենք համարում աշխուժացնել այն ջանքերը, որոնք ուղղուած են ոչ խտրական հիմքի վրայ ուժանիւթի միջոցիների գնագոյացման զգայուն հարցի արագ լուծմանը եւ դրանց տարանցմանը միութեան անդամ պետութիւնների տարածքներով՝ այդ թւում հաշուի առնելով տարանցիկ բաղադրիչները», – յայտարարած է Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարը:

Խօսած է նաեւ Պելառուսիոյ վարչապետը, որ ԵԱՏՄ ձեռքբերումները ներկայացնելէ բացի, նաեւ դարձեալ ուշագրաւ յայտարարութիւն ըրած է՝ ըսելով, թէ վերջին շրջանին խոչընդոտները միութեան մէջ կը շատնան, եւ անոնք խնդիր կ’առաջացնեն ընդելուզման հետագայ խորացման համար:

Ռուսաստանի վարչապետ Դմիտրի Մեդվեդեւը յայտարարեց, որ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը կարելի է կայացած միութիւն համարել, եւ աշխատանքները խնդիրներու յաղթահարման, խնդիրներու լուծման եւ ինտեգրացիայի խորացման ուղղութեամբ կը շարունակուին:

Նիստի արդիւնքներով ստորագրուած խումբ մը փաստաթուղթեր, որոնք կը վերաբերին ԵԱՏՄ շրջանակէն ներս արդիւնաբերական համատեղ գործունէութեան, ելեկտրոնային թուային ստորագրութիւններու օգտագործման, ԵԱՏՄ ներքին շուկայի արգելքներու վերացման, ապրանքներու ներկրման եւ արտահանման համընդհանուր մօտեցումներու կիրառման, ԵԱՏՄ-ի մէջ առեւտուրի թուային համակարգի զարգացման, տնտեսական գործունէութեան կարգաւորման համակարգին մէջ ՚մէկ պատուհանիՙ սկզբունքի ներդրման:

Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի յաջորդ նիստը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոսին Ղրղըզստանի Չոլփոն-Աթա քաղաքին մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment