Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Ապրելու Ապրիլ` Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին Մէջ

Ապրելու Ապրիլ` Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին Մէջ

by MassisPost

ԳԱՅԵԱՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Ապրիլ 27-ին Հիւսիսային Ամերիկայի Հայոց թեմի Առաջնորդանիստ  Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի «Փոքրիկ հրեշտակներ» շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտները` շուրջ 300 հոգի, ուսուցչական կազմը, տնօրէնութիւնը, ծնողները եւ հիւրերը հաւաքուած էին եկեղեցւոյ մէջ` Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն ոգեկոչման ու յիշատակութեան արժանացնելու համար:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, արժանապատիւ տէր Խաժակ քահանայ Շահբազեան, որ պատմական համառօտ ակնարկ կատարեց Ցեղասպանութեան թեմայի շուրջ` կարեւորելով օրուան խորհուրդը:

Ինչպէս միշտ, առանձնայատուկ խորհուրդով լի էր Հայոց թեմի առաջնորդ,  գերաշնորհ Տէր Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի պատգամը: Սրբազան Հայրն իր օրհնութիւնը բաշխեց աշակերտներուն, բոլոր ներկաներուն` խնդրելով սուրբ նահատակներու բարեխօսութիւնը, այն անմեղ մարդոց, որոնք նահատակուեցան յանուն հաւատի ու անկոտրում կամքի, որոնք արհամարհեցին տարատեսակ հալածանքներն ու զրկանքները` գերադասելով արժանապատիւ մահը կեանքի փոխարէն:

Այսպիսի վարքի օրինակն է, որ կ՛օգնէ մեզի արժեւորելու մեր ինքնութիւնը նոր լոյսի ու յոյսի ներքոյ: Այսօրինակ իրողութիւնն է, որ մեզի կը ստիպէ կարեւորել մեր ազգի ինքնութիւնն ու հաւատքը, ճիշդ գնահատել մեզի պարգեւուած իւրաքանչիւր օրն ու վայրկեանը:

Առաջնորդ Յովնան Սրբազանը յորդորեց նաեւ աշակերտներուն լաւ սորվիլ, սերտել հայոց պատմութիւնը, ապացուցել հայու պայքարի ու գոյատեւման հաստատակամութիւնը, աղօթել իրարու համար, ըլլալ միաբան ու միասնական, զօրավիգ ըլլալ մեր համայնքի, հայրենի երկրի ու եկեղեցւոյ շէնացման:

Ապա աշակերտները Սրբազան հօր հետեւողութեամբ միասնական աղօթք բարձրացուցին: Ձեռնարկի տրամաբանական աւարտը փոխադրուեցաւ Մայր Տաճարին կից «Սրբոց Խաչքար»-ի յուշարձանին մօտ, ուր աշակերտները ծաղիկներ խոնարհեցին` յարգանքի տուրք մատուցելով անմեղ զոհերու յիշատակին` յատկապէս հայ մանուկներուն, որոնք մարտիրոսուած էին 1915թ.-ին:

Փոքրիկ հայրենասէրներու յուզումնալից հայեացքներուն մէջ, կարծես, կ՛ուրուագծուէր իւրայատուկ ուխտ, որ «Ամէն ինչ պիտի ընենք, որպէսզի աշխարհի մէջ այլեւս անմեղ զոհեր չըլլան, որ աշխարհի երեսէն ի սպառ վերանայ յանցագործութիւններու յանցագործութիւնը` Ցեղասպանութիւնը»:

Օրուան խորհուրդը շարունակուեցաւ դասարաններուն մէջ`  վաղուան օրը բարի գործերով կերտելու համոզմամբ:

Յաւերժ խնկարկում անմեղ զոհերու սուրբ յիշատակին…

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment