Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Հայաստան Արցախ Ֆոնտը Յունուարէն Ապրիլ 2019-ի Միջեւ $4.5 Միլիոնի Նպաստ Հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին

Հայաստան Արցախ Ֆոնտը Յունուարէն Ապրիլ 2019-ի Միջեւ $4.5 Միլիոնի Նպաստ Հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին

by MassisPost

Յունուարէն Ապրիլ 2019-ի միջեւ, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $4.5 միլիոն արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին։

Սոյն օժանդակութիւնը իրականացնելու համար, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $4.1 միլիոն ընդհանուր արժէքով դեղորայք եւ այլ մարդասիրական պիտոյքներ ապահոված է AmeriCares ($3.7 միլիոն) եւ Direct Relief ($445,000) կազմակերպութիւններէն։

Մեծարժէք ապրանքներ նուիրած են նաեւ Project Agape ($163,000), Հաուըրտ Գարակէօզեանի Յիշատակի Ընկերութիւնը ($77,000), Հայաստանի Ակնաբուժական Ծրագիրը ($67,000), Բժ. Ալպերթ Ֆիլիփս ($12,300), եւ Բժ. Սթիվըն Քաշեան ($9,000)։

Այս ժամանակաշրջանին նուիրուած դեղորայքն ու բժշկական պիտոյքները առաքուած են Հայաստանի Առողջապահութեան Նախարարութեան, Արցախի Առողջապահութեան Նախարարութեան, ՀԲԸՄ Քլոտիա Նազարեան Սուրիահայ Գաղթականներու Բժշկական Կեդրոնին՝ Երեւան, Արաբկիրի Մանուկներու Միացեալ Հիմնարկին, Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան, Հայաստանի Օգնութեան Ֆոնտին, Մանկաբարձային, Նորածնաբանական, եւ Կնաբանական Կեդրոնին, Մեծն Ներսէս Բարեգործական Կազմակերպութեան, Մուրացան Երեխաներու Ներզատաբանութեան (Endocrinology) Կեդրոնին, Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Բժշկական Կեդրոնին, եւ Հաուըրտ Գարակէօզեանի Յիշատակի Ընկերութեան։

2019-ի առաջին չորս ամիսներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $4.5 միլիոն արժէքով դեղորայք, բժշկական պիտոյքներ, եւ մարդասիրական այլ օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանին ու Արցախին։ Անցեալ 30 տարիներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտն ու զայն նախորդած Միացեալ Հայկական Ֆոնտը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են $824 միլիոն ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն, 158 թռիչքներով եւ 2,435 ծովային արկղերով։

«Հայաստան Արցախ Ֆոնտին ձրիաբար եւ կանոնաւորապէս կ՚առաջարկուի միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», յայտնեց Հայաստան Արցախ Ֆոնտի Նախագահ Յարութ Սասունեանը եւ շարունակեց՝ «Մեզի կը մնայ հոգալ առաքման ծախսը միայն։ Մեծապէս կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը տրամադրել Հայաստանի եւ Արցախի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»։

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, կը խնդրուի դիմել Հայաստան Արցախ Ֆոնտի գրասենեակին. հեռաձայնի թիւ՝ (818) 241-8900. իմէյլի հասցէ՝ [email protected]։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment