Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ոստիկաններու Աշխատավարձը Բարձրացած է Միջինը 20 Տոկոսով

Ոստիկաններու Աշխատավարձը Բարձրացած է Միջինը 20 Տոկոսով

by MassisPost

Հայաստանի մէջ ոստիկաններու աշխատավարձը բարձրացած է միջինը 20 տոկոսով, «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Ի դէպ, անցեալ տարուան Ապրիլ 16-ի մասին տեսանիւթին մէջ կ՛երեւի, որ փշալարերու առաջ կանգնած յստակ խոստացած էի, որ ոստիկաններուն աշխատավարձը պիտի բարձրանայ:

Ընդգծեմ, որ խոստումը կատարուած է եւ ոստիկանութեան աշխատողներու աշխատավարձը բարձրացուցած ենք միջինը 20 տոկոսով:

Բացի այս` պարգեւատրումներու նոր համակարգով հիմա ոստիկանութեան աշխատակիցներ կան, որոնք իրենց աշխատավարձը կրկնակի, երբեմն եռակի գերազանցող աշխատավարձ կը ստանան: Ասիկա այն պարագային, երբ յստակ յանցագործութիւններ կը բացայայտուին` անոնց անձնական ջանքերուն շնորհիւ»,- գրած է ՀՀ վարչապետը:

Վարչապետը նաեւ յիշեցուցած է, որ մինչեւ 30 տոկոսով բարձրացած է բուժարաններու աշխատողներու աշխատավարձերը, շուրջ 208 հազար մարդու աշխատավարձ բարձրացած է նախորդ տարուան Յուլիս 1-էն` կուտակային կենսաթոշակներու համակարգին մէջ կատարուած փոփոխութիւններով, այս տարի Յուլիս 1-էն պիտի բարձրանան զինուորականներու աշխատավարձը, այս տարի Սեպտեմբեր 1-էն պիտի բարձրանան ուսուցիչներու աշխատավարձը, 82 հազար նպաստառու եւ թոշակառուի թոշակները եւ նպաստները բարձրացած են:

«Պետական պիւտճէի եկամտային մասը առաջին եռամսեակին գերակատարուած է 4 տոկոսով, արձանագրուած աշխատատեղերու թիւը աւելցած է շուրջ 50 հազարով, որ աշխատաշուկայի մօտ 9 տոկոսն է: Յառաջիկային (նաեւ յետագային) պիտի անդրադառնամ իմ տուած բոլոր խոստումներուն եւ անոնց կատարման ընթացքին»,- եզրափակած է Փաշինեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment