Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Լաւրով կը Հաստատէ. Ղարաբաղեան Բանակցութիւններու Սեղանին Այսօր 2016-ի Ռուսաստանեան Առաջարկներն են

Լաւրով կը Հաստատէ. Ղարաբաղեան Բանակցութիւններու Սեղանին Այսօր 2016-ի Ռուսաստանեան Առաջարկներն են

by MassisPost

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հաստատած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի աւելի վաղ ըրած յայտարարութիւնը այն մասին, որ ղարաբաղեան բանակցութիւններու սեղանին այսօր 2016 թուականի ռուսաստանեան կողմի առաջարկութիւններն են:

Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը 15 Ապրիլին Մոսկուայի մէջ կայացած եռակողմ բանակցութիւններէն ետք յայտարարած է, թէ կը քննարկեն 2016 թուականի առաջարկութիւնները:

«Ես այստեղ աւելցնելու բան չունիմ», – Մոսկուայի մէջ Սերպիայի արտաքին գործոց նախարարի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ ատրպէյճանցի լրագրողի հարցին պատասխանելով, ըսած է Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը՝ աւելցնելով, որ այս առաջարկութիւններու մանրամասները գաղտնի են:

Ինչ կը վերաբերի բանակցային սեղանին առկայ առաջարկութիւններու իմաստին, Լաւրովի խօսքով՝ անոնք համահունչ են այն մօտեցումներուն, որոնք ամրագրուած են ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրներ Ռուսաստանի, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարներու բազմաթիւ յայտարարութիւններուն մէջ: Այդ յայտարարութիւններուն մէջ նշուած է, որ կողմերը պէտք է համաձայնութեան գան՝ հիմնուելով տարածքային ամբողջականութեան, ժողովուրդներու ինքնորոշման եւ ուժի չկիրառման սկզբունքներուն վրայ:

Ռուսաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը լրագրողին կոչ ըրած է ծանօթանալ համանախագահ երկիրներու ղեկավարներու բազմաթիւ յայտարարութիւններուն՝ հասկնալու համար, թէ ինչ առաջարկներ կան այսօր սեղանին: Ան յատկապէս ընդգծած է ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին ԵԱՀԿ Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի՝ անցած տարուան Դեկտեմբերին կայացած նիստին ընդունուած վերջին յայտարարութիւնը:

Անցեալ Դեկտեմբերին ԵԱՀԿ Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին ԱՄՆ, Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներու, ինչպէս նաեւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատարի ընդունած համատեղ յայտարարութեան մէջ, մասնաւորապէս, ըսուած էր՝ համանախագահ երկիրները կ’ողջունեն այն փաստը, որ 2018-ի Սեպտեմբերին Տուշանպէի մէջ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) գագաթնաժողովի շրջանակէն ներս Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու բանակցութիւններէն ետք զոհերու թիւը նուազած է: Նախարարները կոչ ըրած էին կողմերուն շարունակելու իրականացնել Տուշանպէի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները եւ միջոցներ ձեռնարկելու իրենց երկիրներու բնակչութեան խաղաղութեան պատրաստելու համար:

Սերկէյ Լաւրովը նաեւ ըսած է, թէ ունի հիմքեր ենթադրելու, որ Երեւանն ու Պաքուն շահագրգռուած են իրագործելու մարդասիրական ոլորտի մէջ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները:

Յիշեցնենք, որ 15 Ապրիլին Մոսկուայի մէջ կայացած են Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու եռակողմ ձեւաչափով բանակցութիւնները, եւ այդ բանակցութիւններէն ետք անոնց միացած են նաեւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներն ու ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment