Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Իմ Քայլը» Խմբակցութիւնը Նպատակայարմար չի Համարեր Ուժային Կառոյցները Դարձնել Քաղաքական Կառոյցներ

«Իմ Քայլը» Խմբակցութիւնը Նպատակայարմար չի Համարեր Ուժային Կառոյցները Դարձնել Քաղաքական Կառոյցներ

by MassisPost

«Մենք նպատակայարմար չենք համարում այս պահին ուժային կառոյցները՝ Ոստիկանութիւնն ու Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) դարձնել քաղաքական կառոյցներ», – Ազգային ժողովէն ներս յայտարարած է «Իմ քայլը» խմբակցութեան ղեկավար Լիլիթ Մակունցը։

«Նպատակայարմար չենք համարում՝ հաշուի առնելով թէ՛ մեր, թէ՛ տարբեր երկրների փորձով որոշ մտահոգութիւններ, որոնք կարող են այդ կառոյցներն առաջացնել որպէս քաղաքական մարմիններ այս պահին, միգուցէ յետագայում քննարկենք եւ հասկանանք, որ նման խնդիր չկայ», – ըսած է Մակունցը։

Նշենք, որ Մակունցի այս յայտարարութիւնը եղած էր Ազգային ժողովէն ներս Կառավարութեան կառուցուածքային փոփոխութիւններու նախագիծը քննարկելու ծիրէն ներս։

«Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Էտմոն Մարուքեանը դիմած է «Իմ քայլը» խմբակցութեան անդամներուն՝ հարցնելով. – «Ինչո՞ւ վարչապետի խոստումը չէք կատարել այս նախագծով։ Իսկ վարչապետն այս ամպիոնից ասել է՝ «ես գտնում եմ, որ ԱԱԾ-ն եւ Ոստիկանութիւնը դառնալու են նախարարութիւններ», հետեւաբար մտնելու են Կառավարութեան կառուցուածք։ Հիմա ասէք՝ ինչո՞ւ Նիկոլ Փաշինեանի խոստումը չէք կատարում եւ ի՞նչն է պատճառը, որ յեղափոխութիւնից մէկ տարի անց չէք կողմնորոշւում, թէ ինչպէս է պէտք մեր կառավարման համակարգը դարձնել բաց, ժողովրդավարական եւ հաշուետու, ինչո՞ւ էք Սերժ Սարգսեանի քոսթիւմը (տարազ) հագել»։

Մարուքեանի պնդմամբ՝ «սա Սերժ Սարգսեանի քոսթիւմն ա՝ սուփըրվարչապետական համակարգ ա»։

Կառավարութեան կառուցուածքային փոփոխութիւններու այս նախագծով 5 նախարարութիւն պիտի կրճատուի՝ նախկին 17-ի փոխարէն պիտի գործէ 12-ը: Պիտի կրճատուի առաջին փոխվարչապետի պաշտօնը՝ երեքի փոխարէն երկուքը պիտի մնան: Կրթութեան, Սփորթի եւ Մշակոյթի նախարարութիւնները պիտի միաւորուին: Գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը պիտի միաւորուի Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան: Սփիւռքի նախարարութիւնը պիտի լուծարուի, անոր փոխարէն վարչապետի աշխատակազմին մէջ պիտի գործէ Սփիւռքի հարցերով յանձնակատարի գրասենեակ՝ 25 հաստիքով: Ոստիկանութիւնն ու Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ԱԱԾ) պիտի շարունակեն գործել վարչապետի ենթակայութեան ներքոյ:

Այս համակարգը նախկին ընդդիմութիւնը կը բնութագրէր սուփըրվարչապետական: Աւելին՝ մէկ տարի առաջ անձամբ Նիկոլ Փաշինեանը պնդած էր, որ պէտք է փոխուի այդ կառոյցներու կարգավիճակը: «Սուփըրվարչապետական համակարգ պէտք է չլինի, եւ մենք կաշխատենք այդ ուղղութեամբ», – նշած էր վարչապետը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment