Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Փաշինեան․ Անցեալ Ապրիլին Ցուցարարներու ու Ոստիկաններու Դիմակայութեան Մէջ «Չկար Ոչ Մէկ Կաթիլ Ատելութիւն»

Փաշինեան․ Անցեալ Ապրիլին Ցուցարարներու ու Ոստիկաններու Դիմակայութեան Մէջ «Չկար Ոչ Մէկ Կաթիլ Ատելութիւն»

by MassisPost

ՀՀ Ոստիկանութեան 101-ամեակի միջոցառումներուն, 16 Ապրիլին, ներկայ եղած են Հայաստանի վարչապետը, երկու փոխվարչապետերը, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը, երեք նախարարներ, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավարը եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներորոնք բոլորը մասնակցած են ծառայութեան մէջ աչքի ինկած ոստիկաններու պարգեւատրման:

Վարչապետ Փաշինեանը յիշեցուցած է. – «Մէկ տարի առաջ այս օրը մենք կրկին իրար հետ էինք, սակայն փշալարերի տարբեր կողմերում»:

Անցեալ տարի, երբ ոստիկանութիւնը կը նշէր յոբելեանական 100-ամեակը, միջոցառման բարձրաստիճան պաշտօնեաներ ներկայ չէին, իսկ պարգեւատրումները կատարած էր նախկին ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեանը։

pashinyan-police-2

Անցեալ տարուան 16 Ապրիլը վարչապետ Փաշինեանը նշանային անուանեց քաղաքացիներու եւ ոստիկանութեան փոխյարաբերութիւններու տեսանկիւնէն. – «Այդ օրուանից մեր հետեւութիւնը այն էր, որ այդ ողջ գործընթացը, երբ տեղի ունեցաւ ըստ էութեան հակասութեան մի շատ արտայայտիչ ակցիա, այդ ամէնի մէջ չկար ոչ մի կաթիլ եւ ոչ մի հատիկ ատելութիւն: Եւ կարծում եմ, որ դա սկիզբն է մի նոր բովանդակութեան Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան եւ քաղաքացիների յարաբերութիւնների»:

«Չնայած ուժային մարմին լինելուն, ոստիկանութեան գործողութիւնները չպէտք է առաջացնեն ատելութիւն», – յայտարարած է վարչապետը՝ աւելցնելով, որ վերջին ամիսներու ամենամեծ ձեռքբերումը այդ է, երբ ատելութիւնը դուրս եկած է ոստիկանութեան եւ հասարակութեան յարաբերութիւններէն. – «Եւ ես յոյս ունեմ, որ ահա այս հանգրուանում, նոր Հայաստանում ոստիկանութիւնը իսկապէս նոր բովանդակութիւն կը ստանայ, ոստիկանութիւնը նոր կերպար կը ստանայ: Եւ ոստիկանութիւնը նոր անելիքի մէջ կը դրսեւորուի, եւ այդ անելիքը չի լինի քաղաքական որեւէ ուժի, քաղաքական որեւէ թիմի կամ որեւէ անձի ծառայելը: Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութիւնը պէտք է ծառայի Սահմանադրութեանը, օրէնքին եւ ժողովրդին»:

Միջոցառման աւարտին լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ հարցին, թէ գոհ է արդեօք վերջին մէկ տարուան ընթացքին ոստիկանութեան մէջ տեղի ունեցած բարեփոխումներէն, վարչապետը հակիրճ արձագանգած է. – «Նոր են սկսուել բարեփոխումները»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment