Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրք Պատգամաւոր. «Պէտք Է Արգելափակել Քոնկրէսին Մէջ Հայկական Օրինագիծը. Այս Տարի Վիճակը Լուրջ Է»

Թուրք Պատգամաւոր. «Պէտք Է Արգելափակել Քոնկրէսին Մէջ Հայկական Օրինագիծը. Այս Տարի Վիճակը Լուրջ Է»

by MassisPost

Այժմեան Թուրքիոյ կազմին մէջ գտնուող Արտահանի շրջանէն ընտրուած անկախ պատգամաւոր Օզթուրք Եըլմազ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսին ու Ծերակոյտին մէջ ներկայացուելիք Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւերուն թեմայով ասուլիս մը տուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Ermenihaber»-ը:

Խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած ասուլիսին ժամանակ: Եըլմազ յայտարարած է, որ պէտք է անյապաղ միջոցներ ձեռնարկել ԱՄՆ-ի Քոնկրէսին ու Ծերակոյտին մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւերու քննարկումը արգելափակելու ուղղութեամբ:

Թուրք պատգամաւորը նշած է, որ Ֆրանսայի ու Իտալիոյ մէջ ցեղասպանութեան հարցով տեղի ունեցած զարգացումներէն ետք: հաւանականութիւն կայ, որ ԱՄՆ-ի Ծերակոյտին մէջ ալ կրնան բանաձեւ ընդունուիլ: յիշեցնելով, որ աւելի վաղ նմանատիպ բանաձեւ նոյնպէս ներկայացուած էր, սակայն յաջողուած էր արգելափակել զայն:

Ըստ Եըլմազի, բանաձեւերու ընդունման պարագային ԱՄՆ-ը «այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս կը ճանչնայ իբրեւ ցեղասպանութիւն», որմէ ետք կը դադրեցնէ համագործակցութիւնը զայն ժխտողներուն հետ ու այդ թեմայով դասեր կ’աւելցնէ երկրի ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ:

«Այս տարի իրավիճակը լուրջ է եւ տարբեր նախորդ տարիներէն: Քանի որ S-400-ներու, Սուրիոյ ու ՖԵԹՕ-ի (FETՕ-ԱՄՆ բնակող Ֆեթուլլահ Կիւլէնի ղեկավարած կազմակերպութիւն, որ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական կը համարուի) հարցով ԱՄՆ-ի հետ տարբեր ուղղութիւններով կը շարժինք:

Քոնկրէսի մէջ Թուրքիոյ վերաբերեալ կը տիրէ բացասական մթնոլորտ: S-400-ներու թեման ճգնաժամի վերածած ԱՄՆ-ի որոշ ղեկավար շրջանակներ, Ապրիլ 24-ին, այսպէս կոչուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը կ’ուզեն բերել Թուրքիոյ օրակարգ ու այդ թեմային միջոցով կոլ ընել Թուրքիոյ դարպասէն ներս»,- ըսած է թուրք պատգամաւորը: կառավարութեան կոչ ընելով ամէն գնով խոչընդոտելու այդ գործընթացը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment