Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վարչապետը Ընդունած է Նիքոլա Ազնաւուրը

Վարչապետը Ընդունած է Նիքոլա Ազնաւուրը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ընդունելով Շարլ Ազնաւուրի որդի Նիքոլա Ազնաւուրը եւ «Ազնաւուր» հիմադրամի գործադիր տնօրէն Սարգիսեանը՝ նշած է, որ Երեւանի մէջ Շարլ Ազնաւուրի կեանքի եւ գործունէութեան մասին կեդրոնի կառուցումը հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի յարգանքի տուրքն է մեծն հայի յիշատակին:

Հանդիպման ժամանակ քննարկուած են «Ազնաւուր» հիմնադրամի գործունէութեան եւ, մասնաւորապէս, առաջին մշակութային նախագիծին՝ Երեւանի մէջ «Ազնաւուր» կեդրոնի ստեղծման վերաբերող հարցեր: Կը նախատեսուի, որ կեդրոնին մէջ գործեն Շարլ Ազնաւուրի փոխգործօն (ինթըրաքթիւ), արհեստագիտօրէն գերյագեցած թանգարան եւ եզակի կրթամշակութային կեդրոն երիտասարդներու համար:

Ըստ վարչապետի պաշտօնական կայքէջին՝ վարչապետը իր աջակցութիւնը յայտնած է անձամբ Շարլ Ազնաւուրի կողմէ մշակուած նախագիծի իրականացման եւ յանձնարարած է պատկան գերատեսչութիւններու պատասխանատուներուն՝ սերտ համագործակցիլ «Ազնաւուր» հիմնադրամի հետ այս ուղղութեամբ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment