Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանը Կրնայ իր Տարածքային Ամբողջականութիւնը Վերականգնել Ռազմական Ճանապարհով. Ալիեւ

Ատրպէյճանը Կրնայ իր Տարածքային Ամբողջականութիւնը Վերականգնել Ռազմական Ճանապարհով. Ալիեւ

by MassisPost

Ատրպէյճանը հակուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման, բայց պիտի շարունակէ իր ռազմական հզօրութեան մեծացումը, յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը, կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս-Ատրպէյճանը»:

«Մենք կը փորձենք հակամարտութիւնը կարգաւորել քաղաքական-դիւանագիտական եւ խաղաղ ճանապարհով: Բայց ատոր հետ մէկտեղ, կը մեծցնենք մեր ռազմական հզօրութիւնը: Այս ուղղութեամբ այսուհետեւ եւս պիտի ձեռնարկուին բոլոր անհրաժեշտ քայլերը»,- յայտարարած է Ալիեւը:

«Ատրպէյճանը այս ուղղութեամբ բոլոր անհրաժեշտ աշխատանքները կը կատարէ: Ռազմական եւ տնտեսական ներուժը, բնականաբար, մեր երկիրը կ’ամրապնդէ: Մենք այսուհետեւ այս ուղղութեամբ եւս պիտի շարունակենք մեր հետեւողական քաղաքականութիւնը»,- աւելցուցած է ան:

Ալիեւը նշած է, որ 2016 թուականին ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին վրայ Հայաստանի հետ ապրիլեան ռազմական բախումները ցոյց տուին, որ «Ատրպէյճանը կրնայ իր տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնել ռազմական ճանապարհով»:

«Մեր հիմնական նպատակն է հակամարտութեան կարգաւորումը»,- ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment