Համաշխարհային դրամատան խումբի Գործադիր տնօրէններու խորհուրդը հաւանութիւն տուած է Հայաստանի հետ 2019-2023 թուականներուն «Երկրի գործընկերութեան շրջանակին» (ԵԳՇ)՝ շուրջ 500 միլիոն ԱՄՆ տոլար՝ կայուն եւ ներառող աճին եւ երկրին մէջ կենսամակարդակի բարելաւման աջակցելու համար:
Նոր «Երկրի գործընկերութեան շրջանակ» -ը լիովին համահունչ կառավարութեան հնգամեայ ծրագրին՝ յանուն արդար, ներառական եւ քաղաքացիակեդրոն Հայաստանի: Այն հիմնուած է 2018-ի գարնան «թաւշեայ յեղափոխութենէն» ետք նոր կառավարութեան ուրուագծած տեսլականին վրայ եւ կը մարմնաւորէ Հայաստանի զարգացման սահմանափակումներու յաղթահարման եւ բարեփոխումներու խորացման նոր քաղաքական կամքը՝ կաշառակերութեան դէմ պայքարին, օրէնքի գերակայութեան ամրապնդման եւ մարդկային դրամագլուխին ուղղուած ներդրումներու միջոցով:
Ծրագրի իրականացմամբ արդիւնաւէտօրէն պիտի օգտագործուին Համաշխարհային դրամատան կառոյցներու՝ Վերակառուցման եւ զարգացման միջազգային դրամատան (ՎԶՄԴ), Միջազգային ֆինանսական ըկերութեան եւ Բազմակողմ ներդրումներու երաշխաւորման գործակալութեան (ԲՆԵԳ) փոխլրացնող ուժեղ կողմերը:
«Համաշխարհային դրամատան խումբի կողմէն առաջարկուող ռազմավարութիւնը կը յենի Հայաստանի վերջին փոփոխութիւններու շնորհիւ առաջացած աւելի խոր բարեփոխումներու խթանի ու քաղաքական կամքի եւ լաւ կառավարման նորացուած յանձնառութեան վրայ՝ աճի նոր մոտելի ուղղութեամբ տնտեսութեան վերահաւասարակշռման աջակցելու համար»,- ըսած է Համաշխարհային դրամատան Հայաստանի գրասենեակի ղեկավար Սիլվի Պոսութղօն: