Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Le Figaro. Ցեղասպանութեան Ժխտումը Կրնայ Դատապարտուիլ Ֆրանսայի Մէջ

Le Figaro. Ցեղասպանութեան Ժխտումը Կրնայ Դատապարտուիլ Ֆրանսայի Մէջ

by MassisPost

Հայերու ցեղասպանութեան ժխտումը կրնայ դատապարտուիլ Ֆրանսայի մէջ. Ֆրանսայի վերաքննիչ դատարանը նախօրէին արդարացուցած է Nouvelles d’Arménie կայքի տնօրէնը, որուն դէմ հայց ներկայացուցած էր 1915-ի հայերու ցեղասպանութիւնը ժխտող պատմաբանը։ Այս մասին կը գրէ ֆրանսական Le Figaro-ն։

Նշուած է, որ իրավիճակը կրնայ   հակասական  թուիլ. Ֆրանսան ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը 2001-ին, սակայն Սահմանադրական խորհուրդը 2012-ին դատապարտեց ժխտողականութեան քրէականացման օրէնքը՝ այն համարելով հակասող արտայայտման ազատութեան։

Այսպիսով, հետազօտող Մաքսիմ Կոյանը, որուն կը ֆինանսաւորէ թրքական թինք-թենքը, դատի տուած էր Nouvelles d’Arménie կայքի տնօրէն Արա Թորանեանին եւ հեղինակ Սամուէլ Թիլպիանին՝ կայքին մէջ հրապարակուած «վիրաւորական ու զրպարտչական» նիւթերու պատճառով ու փոխհատուցում կը պահանջէր։

Խօսքը կը վերաբերի 2013 եւ 2014-ի հրապարակումներուն, ուր  Մաքսիմ Կոյան համեմատուած է Հոլոքոսթը մերժող ժխտողական Ռոպերթ Ֆորիսընի հետ ու որակուած որպէս «թրքական ֆաշիզմի ծառայութեան իսկական մարիոնեթ»։

Վերաքննիչ դատարանը նախօրէին ուժի մէջ թողած է առաջին ատեանի դատարանի որոշումը, նշելով, որ յայտարարութիւնները արատաւոր էին, սակայն «հանրային հետաքրքրութեան» առարկայի տեսանկիւնէ եղած է «բարիդրացիական»։

Յիշեցնենք նաեւ, որ 2018-ի 5 Փետրուարին յայտարարուած էր, որ Ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ պիտի նշուի որպէս Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment