Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իտալիոյ Լացիօ Մարզը Ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւ

Իտալիոյ Լացիօ Մարզը Ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւ

by MassisPost

Իտալիոյ Լացիօ շրջանի տարածաշրջանային խորհուրդը, 18 Մարտին, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի յարգման օրէն մօտ մէկ ամիս առաջ, միաձայն ընդունած է խորհուրդի անդամ Սերճիօ Փիրոցիի առաջարկութիւն, ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական վաւերութիւնը: Այս մասին կը տեղեկանանք Իտալիոյ հայ համայնքի կայքէն:

Բանաձեւի ընդունմամբ, խորհրդարանի անդամները զօրակցութիւն եւ աջակցութիւն կը յայտնեն հայ ազգի զաւակներուն, անոնց պատմական ճշմարտութեան համար մղած պայքարին ու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ի սպաս յանձնառումին:

Այսպիսով, Լացիօն դարձած է 136-րդ խորհուրդը, որ ճանչցած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հռոմի հայկական համայնքը երախտագիտութիւն յայտնած է Լացիոյի շրջանային խորհուրդին, որ այս քայլով կանգնած է ճշմարտութեան կողմը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment