Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման տեսանկիւնէ Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) մշտադիտարկման գործընթացը կարեւորած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը այս՝ Վեհաժողովի մշտադիտարկման յանձնաժողովի համազեկուցողներուն հետ հանդիպման ժամանակ:
Հայաստանի մասով համազեկուցողներ Եուլիա Լովոչքինայի եւ Անտրէյ Շիրցելի, ԵԽԽՎ մշտադիտարկման յանձնաժողովի քարտուղար Ալեքսիս Սալանսոնի եւ Եւրոխորհուրդի երեւանեան գրասենեակի ղեկավար Նաթալիա Վութովայի հետ հանդիպման ժամանակ Փաշինեանը ընդգծած է Եւրոպայի խորհուրդի հետ սերտ համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը: Վարչապետը բարձր գնահատած է ԵԽԽՎ դիտորդական առաքելութեան աշխոյժ մասնակցութիւնը Հայաստանի մէջ 9 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
Իր կառավարութեան առաջնահերթութիւններու շարքին Փաշինեանը նշած է, մասնաւորապէս, փտածութեան դէմ պայքարը, դատական համակարգի անկախութիւնը, օրէնքի գերակայութեան ապահովումը, մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը, կառավարման համակարգի արդիականացումը, Ընտրական օրէնսգիրքի բարելաւման ուղղութիւններով իրականացուող բարեփոխումները:
Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան փոխանցմամբ՝ համազեկուցողները շնորհաւորած են Նիկոլ Փաշինեանը ժողովրդավարական բարձր մակարդակի ընտրութիւններ իրականացնելու կապակցութեամբ եւ ընդգծած, որ անոնք լիարժէք արտացոլած են ՀՀ քաղաքացիներու կամքը: Անոնք համոզմունք յայտնած են, որ ՀՀ կառավարութեան յաւակնոտ ու համընդգրկուն բարեփոխումներու օրակարգի իրականացումը նոր թափ պիտի հաղորդէ երկրի մէջ ժողովրդավարութեան զարգացմանն ու ամրապնդման:
Զրուցակիցները կարեւորած են նշուած բոլոր ուղղութիւններով փոխգործակցութիւնն ու աշխոյժ երկխօսութիւնը: Փաշինեանը նշած է, որ առանձնակի կը կարեւորէ ԵԽԽՎ-ի հետ համագործակցութիւնը, եւ աւելցուցած, որ անձնապէս նախ որպէս լրագրող, ապա՝ քաղաքական գործիչ ու քաղբանտարկեալ, երկար տարիներ ունեցած է արդիւնաւէտ գործակցութիւն ԵԽԽՎ գործընկերներու հետ:
Համազեկուցողներու խնդրանքով վարչապետը անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորմանն ու տարածաշրջանային նշանակութեան այլ հարցերու: