Home Uncategorized Ղարաբաղեան Բանակցային Ձեւաչափի Որեւէ Փոփոխութիւն Պէտք է Ընդունելի Ըլլայ Բոլոր Կողմերուն Համար. Լայչակ

Ղարաբաղեան Բանակցային Ձեւաչափի Որեւէ Փոփոխութիւն Պէտք է Ընդունելի Ըլլայ Բոլոր Կողմերուն Համար. Լայչակ

by MassisPost

ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Սլովաքիոյ արտաքին գործոց նախարար Միրոսլաւ Լայչակ Երեւանի մէջ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ համատեղ ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է, որ Արցախեան հիմնահարցի շուրջ բանակցութիւններու ձեւաչափին մէջ որեւէ փոփոխութիւն պէտք է ընդունելի ըլլայ բոլոր կողմերուն համար:

«Որեւէ հնարաւոր փոփոխութիւն բանակցութիւններու ձեւաչափին մէջ պէտք է ընդունելի ըլլայ բոլոր կողմերուն համար: Մենք Բաւարար ժամանակ պիտի յատկացնենք այս խնդիրներու քննարկման համար: Վստահ եմ, որ Հայաստանի կառավարութիւնը ճիշդ բանաձեւը ունի բանակցութիւններու շարունակութեան վերաբերեալ համապատասխան ձեւաչափի մէջ», – ըսած է Լայչակ:

12 Մարտին Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութեան խորհուրդներու համատեղ նիստի ժամանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը վերահաստատած էր տեսակէտը, որ Ղարաբաղը պէտք է ներգրաւուի բանակցային գործընթացին: Փաշինեանի այս յայտարարութիւնը հնչած է Ալիեւի հետ հանդիպումէն առաջ եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներու այն յորդորէն ետք, թէ անհրաժեշտ է զերծ մնալ յայտարարութիւններէ ու գործողութիւններէ, որոնք առանց միւս կողմի համաձայնեցման կը պահանջեն ձեւաչափի միակողմանի փոփոխութիւն:

Արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը Փաշինեան-Ալիեւ հնարաւոր հանդիպման ժամկէտներ չէ նշած, միայն վերահաստատած է Հայաստանի յանձնառութիւնը՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանիի ներքոյ շարունակելու հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ կարգաւորումը։

«Մենք բազմիցս ենք ընդգծել, որ հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման արդիւնաւէտ գործընթացի համար առանցքային նշանակութիւն ունի խաղաղութեան համար նպաստաւոր մթնոլորտի ձեւաւորումը, ռիսքերի նուազեցման եւ միջադէպերի կանխարգելման մեխանիզմների ու վստահութեան ամրապնդման միջոցառումների ներդրումը, ինչպէս դա ամրագրուել է Տուշանպէի հանդիպմանը, իսկ մինչ այդ՝ Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի գագաթնաժողովների շրջանակներում։ Այս դրոյթները մինչ օրս շարունակում են մնալ առարկայական։ Այս օրերին Ատրպէյճանի կողմից յարձակողական բնոյթի լայնածաւալ զօրավարժութիւնների իրականացումը առանց համապատասխան ծանուցման, ոտնահարելով ԵԱՀԿ գործիքակազմով նախատեսուած միջազգային պարտաւորութիւնների պահանջները, չի նպաստում տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ վստահութեան մթնոլորտի ամրապնդմանը», – ընդգծած է Մնացականեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment