Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Դատախազութիւնը Կ’ուսումնասիրէ «Թրոյկա Տիալոկ»-ին Առնչուող «Հետք»-ի Հրապարակումը

Դատախազութիւնը Կ’ուսումնասիրէ «Թրոյկա Տիալոկ»-ին Առնչուող «Հետք»-ի Հրապարակումը

by MassisPost

Գլխաւոր դատախազութեան խօսնակ Արեւիկ Խաչատրեանը «Ազատութեան» փոխանցած է, որ դատախազութիւնը կ’ուսումնասիրէ ռուսաստանաբնակ գործարար, յայտնի բարերար Ռուբէն Վարդանեանի հիմնադրած «Թրոյկա տիալոկ» ներդրումային դրամատան առնչուող «Հետք» ելեկտրոնային պարբերականի յօդուածը։

«Հետքը», Կազմակերպուած յանցաւորութեան եւ կաշառակերութեան լուսաբանման նախագիծը եւ 20 լրատուամիջոցներ համատեղ, բացայայտած է փողերու լուացման մեխանիզմ, որ գործած է «Թրոյկա տիալոկի» վերահսկողութեամբ։ Լրագրողներու մօտ յայտնուած են 2013-ին փակուած լիթվական «Տուքիօ» դրամատունէն արտահոսած աւելի քան 60 հազար փաստաթուղթեր: Հետաքննութիւնը ստացած է «Թրոյկա լուացքատուն» անուանումը:

Ազգային ժողովի «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւոր, «Թրանսփարընսի ինթըրնաշընլ» հակակաշառակերային կազմակերպութեան նախկին իրաւախորհրդատու Հերիքնազ Տիգրանեանը կը կարծէ, որ բաւարար հիմքերու պարագային քրէական գործ կը յարուցուի․ – «Այս բացայայտումը արուել է այնպիսի հեղինակաւոր կազմակերպութիւնների կողմից, որոնց հրապարակումների արժանահաւատութիւնը որեւէ մէկը կասկածի տակ չի դնում: Թէեւ այս նոյն կազմակերպութիւնների կողմից նախկինում եւս եղել են բացայայտումներ, ասենք՝ օֆշորային սքանտալների վերաբերեալ՝ այլ պաշտօնատար անձանց ներգրաւմամբ, բայց դրանց հիման վրայ քրէական գործերով դատապարտումներ երբեւէ չենք տեսել: Աւելի քան վստահ եմ, որ ապացոյցների առկայութեան դէպքում իրաւապահ մարմինների առարկայական, բազմակողմանի քննութեան առարկայ կը դառնայ այս հարցը: Չեմ կարող կանխատեսել, թէ քանի դատապարտումներ կը լինեն, ինչ ելք կ’ունենայ քննութիւնը, բայց այն, որ այս իշխանութիւնները քանիցս համոզել են եւ ապացուցել են փտածութեան դէմ իրենց իրական պայքար մղելու մասին, ապա այս գործի քննութիւնը պիտի որ ընթանայ բոլորի համար համոզիչ ընթացակարգով»:

Հայաստանեան առեւտրային դրամատուներու եւ լիթվական «Եուքիօ» դրամատան միջեւ իրականացուած գործարքներուն անդրադարձած է Հայաստանի Կեդրոնական դրամատունը՝ յայտարարելով, որ փողերու լուացման դէմ պայքարի իրենց ստորաբաժանումը ժամանակին աշխուժօրէն աշխատած է օտարերկրեայ գործընկերներու հետ, այդ շարքին՝ տեղեկատւութեան փոխանակման միջոցով:

«Ձեռնարկուել են տուեալ ժամանակաշրջանի օրէնսդրութեանը համապատասխան անհրաժեշտ կանխարգելիչ միջոցառումներ», – նշած է Կեդրոնական դրամատունը՝ մանրամասներ չհաղորդելով:

Ռուբէն Վարդանեանը կտրականապէս կը հերքէ իր մասնակցութիւնը ելեւմտական այդ մեքենայութիւններուն ու կը պնդէ, թէ իր ստեղծած դրամատնային համակարգը գործած է թափանցիկ:

Հրապարակած բաց նամակում Վարդանեանը յայտարարած է, որ այժմ իրաւաբանները կ’ուսումնասիրեն բոլոր հնարաւոր իրաւական գործողութիւնները՝ իրենց հեղինակութիւնը պաշտպանելու համար։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment