Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հաստատուած է Հայաստանի Կառավարութեան Նոր Կառուցուածքը

Հաստատուած է Հայաստանի Կառավարութեան Նոր Կառուցուածքը

by MassisPost

Գործադիրը հաւանութիւն տուած է «Կառավարութեան կառուցուածքի եւ գործունէութեան մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին նախագծին:

Կառավարութիւնը կազմուած պիտի ըլլայ վարչապետէ, երկու փոխվարչապետներէ եւ նախարարներէ: Ըստ նախագիծի՝ առաջին փոխվարչապետի պաշտօնը պիտի կրճատուի: 17 նախարարութեան փոխարէն պիտի սահմանուի 12 նախարարութիւն:

Կառավարութեան կառուցուածքին մէջ պիտի ընդգրկուին հետեւեալ նախարարութիւնները.

1) Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը,
2) Առողջապահութեան նախարարութիւնը,
3) Արդարադատութեան նախարարութիւնը,
4) Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը,
5) Արտաքին գործերու նախարարութիւնը,
6) Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութիւնը,
7) Շրջակայ միջավայրի նախարարութիւնը,
8) Պաշտպանութեան նախարարութիւնը,
9) Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքների նախարարութիւնը,
10) Բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարարութիւնը,
11) Տնտեսութեան նախարարութիւնը,
12) Ելեւմուտքի նախարարութիւնը:

Նախագիծի համաձայն՝ Սփիւռքի նախարարութիւնը պիտի վերակազմակերպուի եւ միանայ վարչապետի աշխատակազմին՝ ստեղծելով Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակ:

Նախարարութիւններու վերակազմակերպման գործընթացի սկզբնական արդիւնքով թուաքանակի այլ փոփոխութիւն չի նախատեսուիր եւ միաձուլուող նախարարութիւնները իրենց բոլոր հաստիքներով պիտի տեղափոխուին նոր ստեղծուող նախարարութեան կազմ, բացառութեամբ վերը թուարկուած պաշտօնները, ինչպէս նաեւ՝ կրկնուող (աջակցող) ստորաբաժանումներու ղեկավար հաստիքները, որոնց պարագային կ’ակնկալուի նախատեսել այլ՝ աւելի ցած մակարդակի հաստիք, քանի որ երկու կամ երեք ստորաբաժանման ղեկավար հնարաւոր չէ նախատեսել:

Արձագանգելով նախագիծին` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը ըսած է, որ սա նախագիծ մըն է, որ շատոնց կը քննարկուէր եւ կրնան արձանագրել՝ հիմնական նախագիծը ընկալուած է հանրութեան կողմէ:

«Մեր հիմնական խնդիրը պետական կառավարման արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելն է, այդ թւում՝ Սփիւռքի հետ յարաբերութիւնների արդիւնաւէտութիւնը բարձրացնելը, քանի որ այսօր արդէն լուրջ խոցեր ենք տեսնում երկու ուղղութեամբ: Բայց այս ուղղութեամբ գնալու ենք հաւասարակշռուած, հանդարտ ճանապարհով։ Ուզում եմ ասել, որ մենք քատրային ջարդ չենք իրականացնելու, կրճատուելու են նախարարութեան հաստիքները, ինչը չի նշանակում, որ այդպէս շարունակելու է մնալ։ Այո, կրճատումներ լինելու են, բայց դրանք եղափոխութեան տրամաբանութեամբ են լինելու եւ իւրաքանչիւր պետական ծառայող  իր առիթն է ստանալու», – ընդգծած է վարչապետը՝ աւելցնելով, որ առաւելագոյն առարկայական պէտք է տեղի ունենայ մարդոց աշխատանքի գնահատումը՝ առանց յարակից գործընթացներու։

Նիկոլ Փաշինեանը ըսած է, որ պէտք է ըլլան առաւելագոյն շրջահայեաց՝ պետական կառավարման արդիւնաւէտութեան բարձրացման նպատակին հասնելու համար: Ուստի, ըստ անոր, սա միջանկեալ լուծում է, կրճատումներու խնդիրը չեն կրնար լուծել փակ աչքերով:
«Հետեւաբար, իւրաքանչիւր աշխատակցի առաջ դրւում է խնդիր՝ վերանայել ընդհանրապէս սեփական աշխատանքի որակը, վարչութեան բաժնի աշխատանքի որակը», – նշած է Նիկոլ Փաշինեանը:

Անոր խօսքով, այսօր պետական համակարգէն արտահոսք տեղի կ’ունենայ, սա պէտք է շատ յստակ արձանագրել, որովհետեւ նախապէս եղած են այլընտրանքային վճարումներու տարբերակներ, բայց, բնականաբար, այսօր չեն կրնար երթալ այդ ճանապարհով։

Ըստ Փաշինեանի՝ այն, եկամուտը ինչ տէ ֆաքթօ (փաստացի) կը ստանայ պետական ծառայողը, պէտք է տէ իւրէ (իրաւականօրէն) արձանագրուած ըլլայ:

«Հետեւաբար, քանի որ յեղափոխութիւնից յետոյ այդ այլընտրանքային վճարման մեխանիզմները դադարել են գործել՝ խնդիր է առաջացել այդ աշխատող մարդկանց դրան համարժէք վճարումներ իրականացնել: Հետեւաբար, այստեղից են ծագում, այսպէս կոչուած, պարգեւավճարային սքանտալները, եւ լաւ է, որ ծագել են, քանի որ դա շատ կարեւոր առիթ է շատ կարեւոր խօսակցութիւն ունենալու համար: Ո՞վքեր են մեր պետական կառավարման համակարգի աշխատողները, մենք ի՞նչ պահանջներ ենք դնում նրանց առաջ, արդեօք պետական ծառայութիւնը պէ՞տք է նշանակի երկրորդ, երրորդ, չորրորդ կարգի աշխատանք, թէ դա պէտք է նշանակի առաջին կամ երկրորդ կարգի աշխատանք: Ես կոչ եմ անում բոլորիս, հանրութեանը, մեր բոլոր հայրենակիցներին, որպէսզի այս թեմաները առասպելագոյնս բաց, առաւելագոյնս թափանցիկ մենք քննարկենք, բայց պէտք է համբերատար քննարկենք»,- նշած է Նիկոլ Փաշինեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment