Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Որո՞նք Են Հայաստանի «Սորոսականները»

Որո՞նք Են Հայաստանի «Սորոսականները»

by MassisPost

Վերջին շրջանին, յատկապէս թաւշեայ յեղափոխութենէն ետք, Հայաստանի մէջ յաճախ կը շօշափուի Ճորճ Սորոսի անունը: Շատեր այդ անուան հետ կը կապեն երկրէն ներս տեղի ունեցող մեծ ու փոքր բոլոր իրադարձութիւնները:

Ճորճ Սորոսը Հունգարական ծագումով Ամերիկացի միլիառատէր մըն է: Ան իր հիմնած «Բաց Հասարակութիւն» անուամբ կազմակերպութեան միջոցաւ մեծ գումարներ կը յատկացնէ յատկապէս արեւելեան Եւրոպայի մէջ գործող հասարակական կազմակերպութիւններուն: Այս պատճառաւ ալ, վերջին տասնամեակներուն այդ երկիրներուն մէջ տեղի ունեցած «գունաւոր» յեղափոխութիւնները, ճիշդ թէ սխալ, կը կապուին Սորոսի անուան հետ:

Հայաստանի մէջ Սորոսի հիմնադրամը նպաստներ կու տայ բազմաթիւ հասարակական կազմակերպութիւններու, որոնք ծրագիրներ կը ներկայացնեն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, կաշառակերութեան դէմ պայքարի, ընտրութիւններու ընթացքին դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու եւ այլազան այլ նպատակներու համար: Բնականաբար, այս կազմակերպութիւնները իրենց տարիներու գործունէութեամբ, այսպէս կամ այնպէս, նպաստեցին Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած համաժողովրդային շարժումի յաղթանակին եւ այդ կազմակերպութիւններու բազմաթիւ ղեկավարներ այսօր պետական պաշտօններու վրայ են:

Այս պատճառաւ, նոր իշխանութիւններու հակառակորդները, իրենց քննադատութեան թիրախ կը դարձնեն «սորոսականներուն», զանոնք մեղադրելով այլ ուժերու ծառայելու մէջ:

Վերջերս նոյն ամբաստանութիւնները հնչեցին երբ Երեւանի Պետական Համալսարանի ռեկտոր Արամ Սիմոնեանի փոփոխութեան հարցը դարձեալ դրուեցաւ օրակարգի վրայ: Սիմոնեանի պաշտպանները կը մեղադրեն «սորոսականներուն» Համալսարանը քանդելու նպատակ հետապնդելու մէջ:

Սակայն, այս օրերուն ի յայտ եկաւ որ, Ճորճ Սորոսի հիմնադրամէն նպաստներ ստացած են ոչ միայն «նիկոլականները», այլ բազմաթիւ «հակա-նիկոլականներ» եւս: Աւելի քան մէկ միլիոն տոլար ստացած է նոյնինքն Երեւանի Պետական Համալսարանը: Նպաստներ ստացած են բազմաթիւ Հանրապետական նախկին պատգամաւորներ ու նաեւ Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբան՝ Հայկ Ալումեանը եւ ուրիշներ:

Այս բոլոր տուեալներու հրապարակումէն ետք հարց կը ծագի, թէ որո՞նք են Հայաստանի «սորոսականները»:
Ըստ երեւոյթին բոլորը…:
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment