Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մէջ Բռնութեամբ Հարցեր Լուծելու Որեւէ Փորձ Պէտք է Արժանանայ Կոշտ Հակազդեցութեան. Նիկոլ Փաշինեան

Հայաստանի Մէջ Բռնութեամբ Հարցեր Լուծելու Որեւէ Փորձ Պէտք է Արժանանայ Կոշտ Հակազդեցութեան. Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

Հայաստանի մէջ բռնութեամբ հարցեր լուծելու որեւէ փորձ պէտք է արժանանայ կոշտ իրաւական հակազդեցութեան: Այս մասին Ֆէյսպուքի իր էջին գրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ նկատի ունենալով նախորդ գիշերը «Ռեսթարթի» եւ Նարեկ Մալեանի միջեւ տեղի ունեցած միջադէպը:

«Բոլոր նրանք ովքեր Նոր Հայաստանում գործում են բռնութեան, ստի, կեղծիքի տարածման տրամաբանութեամբ՝ գործում են ընդդէմ Հայաստանի, ընդդէմ ժողովրդավարութեան, ընդդէմ ժողովրդի», գրած է Փաշինեանը:

Նարեկ Մալեան

Նարեկ Մալեան

3 Մարտի գիշերը յարձակած են հասարակական գործիչ Նարեկ Մալեանի վրայ: Ան Ֆէյսպուքի իր էջին գրած է. «8-10 հոգի յարձակուողներն էին, առաւել 4 հոգի մասնագիտական տեսախցիկով նկարահանում էին: Յարձակումը կազմակերպուած էր ամենայն մանրամասնութեամբ: Յետեւից յարձակուելուց յետոյ ինձ գետնին տապալեցին եւ քաշքշելով 5-6 հոգով բռնել էին ձեռքերս եւ փորձում էին ինձ ինչ-որ տեղ տանել, բայց դա այնքան երկար տեւեց, որ միջամտեցին պարեկային ոստիկաններըՙ:

Միջադէպի մասնակիցները եղած են «Ռեսթարթ» ուսանողական խումբի անդամները: Խումբի ներկայացուցիչ Դաւիթ Պետրոսեանը նշած է, որ ի պատասխան հնչեցուցած վիրաւորանքներուն, փորձած են Մալեանը նետել աղբամանին մէջ: Պետրոսեանը նշած է, որ Մալեանին չեն հարուածած, չեն հայհոյած եւ գործողութիւնը չեն կրցած աւարտին հասցընել ոստիկանութեան միջամտութեան պատճառով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment