Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Իրանի ԱԳՆ. Ղարաբաղի Հարցը Պէտք չէ Ազդէ Թեհրան-Պաքու-Երեւան Կապերուն

Իրանի ԱԳՆ. Ղարաբաղի Հարցը Պէտք չէ Ազդէ Թեհրան-Պաքու-Երեւան Կապերուն

by MassisPost

Իրանի Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Պահրամ Ղասէմի, անգամ մը եւս շեշտած է, որ ԼՂ հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով եւ միջազգային օրէնքներու սահմաններուն մէջ£ Այս մասին կը տեղեկացնէ «ԻՌՆԱ»-ն:

«Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան համար կարեւոր է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ իր յարաբերութիւնները չազդուին ԼՂ հակամարտութենէն»,- նշած է Իրանի ԱԳՆ մամուլի խօսնակը:

Անդրադառնալով ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինկանի Թեհրան այցին` Ղասէմի ըսած է. «Ինչպէս բազմիցս նշած եմ` հարեւան երկիրներու հետ կապուած Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքակա-նութիւնը պարզ ու յստակ է. հարեւանները մեր արտաքին քաղաքականութեան առաջնա-հերթութիւններն են: Հարեւան իւրաքանչիւր երկրի հետ մեր յարաբերութիւնները ուղղուած չեն միւս հարեւանի կամ երրորդ կողմի դէմՙ:

Ըստ անոր՝ ՀՀ վարչապետի Թեհրան այցը եւս պէտք է դիտարկել այդ քաղաքականութեան տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ:

«Իրանը Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ մեր միւս հարեւան երկիրներու կայունութիւնը, անվտանգութիւնը եւ տնտեսական զարգացումը կը դիտարկէ իբրեւ աշխարհի այս զգայուն տարածա-շրջանի զարգացման բաղադրիչը: Անկասկած, մեր ցանկութիւնը հարեւան երկիրներու միջեւ առկայ խնդիրներու կարգաւորումն է: ԼՂ հակամարտութեան հետ կապուած Իրանի Իսլամական Հանրապե-տութեան քաղաքականութիւնը կը շարունակէ մնալ պարզ, յստակ եւ անփոփոխ: Կը հաւատանք, որ այս խնդիրը, որ կրնայ մեր հարեւան երկիրներուն մօտ որոշ մտավախու-թիւններու պատճառ դառնալ, պէտք է կարգաւորուի խաղաղ բանակցու-թիւններու միջոցով եւ միջազգային օրէնքներու սահմանին մէջՙ,- ըսած է Իրանի ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչըª աւելցնելով© ՚Այնպէս, ինչպէս նախապէս, Իրանը, այսօր եւս, պատրաստ է նպաստելու հարեւան երկու երկիրներուն, հիմնախնդիրի խաղաղ կարգա-ւորման համարՙ:

Ղասէմի տրամաբանական համարած է «Արարատ» մարզաւանին մէջ թեհարանահայութեան հետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը. «Անտրամաբանական ոչինչ կը տեսնեմ ՚Արարատՙ ակումբէն ներս ՀՀ վարչապետի եւ Իրանի քաղաքացի իր ազգակիցներու հանդիպման մէջ»,- աւելցուցած է ան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment