Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արարատ Միրզոյեանը Վրդովմունք Յայտնած է, որ Ռուս Պատգամաւորները Պաքուի Մէջ Մասնակցած են Հակահայկական Երթին

Արարատ Միրզոյեանը Վրդովմունք Յայտնած է, որ Ռուս Պատգամաւորները Պաքուի Մէջ Մասնակցած են Հակահայկական Երթին

by MassisPost

Հայաստանի Ազգային ժողովի խօսնակ Արարատ Միրզոյեանը Ռուսաստանի Դաշնութեան խորհուրդին առջեւ իր ելոյթին մէջ յիշատակած է Սումկայիթի մէջ 1988-ին տեղի ունեցած ոճրագործութիւնները, ինչպէս նաեւ իր մտահոգութիւնը յայտնած է այն փաստով, որ վերջերս ռուսաստանցի պատգամաւորներ Պաքուի մէջ մասնակցած են հակահայկական ցոյցին։

«Ստիպուած եմ ցաւով փաստել, որ չնայած մեր երկրների միջեւ առկայ դաշնակցային յարաբերութիւնների բարձր մակարդակին, ինչպէս նաեւ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմանն ուղղուած ռուսական կողմի հետեւողական ջանքերին, մեր որոշ ռուս գործընկերներ երէկ մասնակցել են ընդգծուած հակահայկական ուղղուածութեամբ ակցիայի, որը տեղի է ունեցել Պաքւում եւ որը ուղղուած է տարածաշրջանում կայունութեան խախտմանը», – յայտարարած է Միրզոյեանը։

Այս ցոյցին նաեւ անդրադարձած են ռուսական հեռուստաընկերութիւնները, այդ շարքին՝ պետական «Ռուսիա 24» հեռուստաընկերութիւնը, ինչը թերեւս աննախադէպ էր։ Վերջին տարիներուն նման միակողմանի ռեփորթաժներ չեն եղած։

Դաշնութեան խորհուրդի ղեկավար Վալենթինա Մաթվիէնքոյի խօսքով՝ առաջին անգամն է, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի խօսնակին նման հնարաւորութիւն կ’ընձեռուի ելոյթ ունենալու Ռուսաստանի խորհրդարանի վերին պալատի լիագումար նիստին։

Իր ելոյթին մէջ Միրզոյեանը շեշտած է, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները միշտ ռազմավարական են. «Հայ-ռուսական յարաբերութիւնները առանձնայատուկ բնոյթ են կրում, Հայաստանը Ռուսաստանին համարել եւ համարում է իր ռազմավարական գործընկերը։ Մեր յարաբերութիւնների շարունակական ամրապնդումը եւ այդ ճանապարհին հնարաւոր խոչընդոտների յաղթահարումը մեր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններից են։ Այս հասկացողութիւնը իր արտացոլումն է գտել օրերս Հայաստանի Ազգային ժողովում հաստատուած Հայաստանի կառավարութեան հնգամեայ ծրագրում, ինչը վերը ասուածի յստակ նկարագրութիւնն է»։

Անդրադառնալով ղարաբաղեան խնդրին՝ Արարատ Միրզոյեանը ըսած է, որ Հայաստանը հաւատարիմ կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման՝ հաշուի առնելով տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրողութիւնները եւ հիմնուելով միջազգային օրէնքի հիմնարար սկզբունքներու, մասնաւորապէս՝ ազգերու ինքնորոշման իրաւունքին վրայ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment