Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐ Վարդանանց Գոյամարտը 1568 Տարիներէ ի Վեր

Վարդանանց Գոյամարտը 1568 Տարիներէ ի Վեր

by MassisPost

ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Խաչէն Յարութիւն, Աւարայրէն Նուարսակ, Նուարսակէն Արարա, Արարայէն Սարդարապատ, եւ Սարդարապատէն Արցախ ու ազատ անկախ Հայաստան, իր միւռոնաբոյր Սուրբ Էջմիածնի Մայր Աթոռով: Այս բոլորը միանգամայն եղան ճշմարիտ Գողգոթան հայ ժողովուրդին ու յաւերժական յաղթանակը մեր ազգին:

Աստուծոյ Երեք Պարգեւները
Հայ ժողովուրդի համազգային պարտքը եղած է եկեղեցական եւ ազգային բովանդակութեամբ յիշատակել Վարդանանց Հերոսամարտը որ տեղի ունեցաւ հայոց Արշակունեաց Թագաւորութեան անկումէն քիչ ետք՝ 451 թուականին: Հայոց թագաւորութիւնը 66 թուականին հաստատուած էր եւ իր վերջնական անկումը կրեց 428 թուին, եւ Պարսկաստան իշխեց հայոց վրայ մարզպաններ նշանակելով:

Նկատի ունենալ նախ Քրիստոնէութեան, ապա հայերէն այբուբէնի եւ Աստուածաշունչ Մատեանի հայերէն ոսկեղնիկ թարգմանութեան, եւ երրորդ հայոց թագաւորութեան անկումին ընդհանուր պատկերը, եւ այդ պարունակին մէջ տեղադրել ճգնաժամային այդ գոյամարտը, որ նոյն այդ երեք պատմական հանգրուաններու խաչմերուկին պատահեցաւ, Պարսկաստանի բռնութեան ներքեւ, եւ սակայն միշտ Աստուածային նախախնամութեան ցոյց տուած ընթացքով:

Քրիստոնէութիւնը որպէս մեծագոյն պարգեւը տրուեցաւ Միածին Որդւոյն Իջմամբ Արարատեան դաշտ, որ մեծ Սուրբին բազմաչարչար Գրիգոր Լուսաւորչի Խոր Վիրապէն դուրս գալովը պետական կրօնք հռչակուեցաւ Տրդատ Գ հայոց թագաւորի հրովարտակով 301 թուին: Աստուած միջամտեց եւ կառուցանել տուաւ հայոց Մայր Եկեղեցին՝ Սուրբ Էջմիածինը:

Աստուածային այցելութիւնները կրկնուեցան՝ պարգեւելու համար հայոց հայերէն գիրերը ու անոնցմով թարգմանուած Աստուածաշունչը, որոնց համար Աստուած գտաւ երկու անզուգական Սուրբերը՝ Սահակ Պարթեւ Հայրապետն ու Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետը: Իսկ Աստուածային երրորդ այցով Ան կանչեց Սուրբ մը եւս` Վարդան Մամիկոնեան, որուն  յայտնեց թէ տալիք պարգեւ մը չունէր այս անգամ, այլ միայն առնելիք ունէր: Վարդան պիտի կարողանա՞ր պաշտպանել առաջին երկու սրբազան պարգեւները, հաւատարիմ մնալով առաջին հերթին Քրիստոսի, եւ ապա հայ ժողովուրդին տրուած նշանագրերուն եւ Աստուածաշունչ Մատեանին: Վարդանի անայլայլ պատասխանը եղաւ ՚հեղմամբ արեան պսակումըՙ, ինչպէս բնորոշած է Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետ:

Արտաշատի 449 թուի Ժողովը
Նախ՝ նախադրեալներ եւ ապա նպատակներ: Նախ` պարտութիւն եւ նահատակութիւն, եւ ապա Նուարսակի Դաշինք 484 թուին: Առանց առաջիններուն, այսինքն քրիստոնէութեան եւ Աստուածաշունչին, արդէն պատճառ մը պիտի չըլլար որ Աւարայրը տեղի ունենար: Չմոռնանք որ քրիստոնէութեան համայն պատմութեան մէջ կրօնքի պաշտպանութեան եւ խղճի ազատութեան առաջին հերոսամարտը եղաւ Վարդանանց կռիւը, ինչպէս եղած էր հայ ժողովուրդի Քրիստոնէութեան Մեծ Դարձը` ազգերու պատմութեան մէջ:

Հայեր ընդդիմացան Յազկերտ Բ թագաւորի ձուլիչ քաղաքականու-թեան, այնպէս որ մեր ուշադրութիւնը երբեմն կը շեղենք դէպի ներքին եւ տեղական խնդիրներ զորս կ՛արծարծենք եւ Վարդանի ու Վասակի «դատաստան»ի կը վերածենք բուն հարցը: Վարդանանց պայքարը Վարդանի եւ Սիւնեաց մարզպան Վասակ Մամիկոնեանի միջեւ դատաս-տանի հարց մը չէ, այլ միջազգային ճակատներու վրայ հայ ազգի ինքնիշխան գոյատեւումի հարցն է: Վարդանանց պատերազմը տիեզե-րական նշանակութիւն ունի եւ ոչ թէ միայն տեղական եւ անձնական:

Այդ հիմունքով էր որ տեղի ունեցաւ Արտաշատի 449 թուականի եկեղեցական-ազգային ժողովը, պաշտօնապէս պատասխանելու համար Պարսից թագաւորին պաշտօնական հրովարտակին որ կը ստիպէր հայերը կրօնափոխ դարձնել: Ժողովը այդ որոշման ճակատագրական պատասխան մը տուաւ Վարդանանց հերոսամարտով: Ժողովին ներկայ եղած են 17 եպիսկոպոսներ, Եղիշէի պատմագրութեան մէջ անուններով յայտնի, որ իր կարգին կþաւելցնէ ըսելով որ ներկայ էին նաեւ ՚բազում քորեպիսկոպոսներ եւ պատուական երէցներ գլխաւորութեամբ Յովսէփ Հողոցմեցի Կաթողի-կոսինՙ: Ղազար Փարպեցի պատմիչը կը յիշատակէ Արտաշատի Ժղովին ներկայ եղող 18 նախարարներու անունները եւս: Այս կէտը կը հաստատէ որոշապէս թէ վճռական որոշումը անձնական դիրքերէ չէր բխած, այլ համազգային մարմինէ մը, կանոնական ժողովի գումարմամբ` 449 թուին:

Արտաշատի Ժողովին որոշումը պարտադրուած էր Պարսից կողմէ, որոնց նպատակն էր քաղաքականապէս եւ կրօնապէս բեկանել հայ ժողովուրդին հաստատ նեցուկները, երբ մանաւանդ պետական տեսա-դաշտի վրայ արդէն անկեալ վիճակ մը կը տիրէր Հայաստանի մէջ, երկիրը երկուքի բաժնուած էր 387 թուին ընդմէջ Պարսկաստանի եւ Բիւզանդիոնի, եւ շատ չանցած Արշակունեաց թագաւորութիւնը եւս վերջ գտած 428 թուին:

Ոսկեդարու Վերածնունդը
Վերածննդեան նոր եռանդ եւ նոր ուղղութիւն անհրաժեշտ էր, այս անգամ հոգեւոր եւ մտաւոր կեանքի բովանդակութեամբ: Ճիշդ այդ անկեալ օրերուն էր, եւ որքան նախախնամական արդարեւ, երբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետ ազգին գլուխն անցած Մեսրոպ Մաշտոց վարդապետի հետ, կերտեցին վերածնունդը հայ հոգիին եւ մտքին, ստեղծելով հայերէն տառերը, թարգմանելով Աստուածաշունչը, տալով Լուսաւորչեան հաւատք-ին հայկական դրոշմ եւ նկարագիր, ազգային ինքնուրոյնութիւն եւ առանձնայատուկ դիմագիծ: Այս բոլորը բառեր չեն միայն, այլ կեանքի գնով շահուած արգասիք: Բառերը պատրաստ են եւ խօսիլը դիւրին, սակայն զանոնք ճակատագրական մէկ պահուն կեանքի կոչել` հերոսութիւն է, նուիրում եւ գերազանց զոհողութիւն:

Աւարայրի Ճակատամարտէն եւ Արտաշատի Ժողովէն տասնամեակ մը առաջ փակած էին իրենց աչքերը Սահակ Հայրապետ 439 թուին, եւ Մեսրոպ Մաշտոց տարի մը ետք՝ 440-ին, իրագործելէ ետք հրաշալի եւ գերազանց հոգեւոր եւ մտաւոր վերածնունդը Հայոց Աշխարհին: Կային բարեբախտաբար հոյլ մը իմաստուն եւ ուսեալ Թարգմանիչները որոնք պատիւով շարունակեցին անոնց վաստակը:

Վարդանանց հերոսամարտի գոյութեան իրաւունքը եղաւ քայքայուած ազգի մը կամուրջները իրարու կապել թեկուզ ժամանակաւոր պարտութ-եամբ եւ սակայն գալիք յաղթանակի մը ապահովութեամբ, որուն ապացոյցն է հայ ազգին ու Մայրենի Եկեղեցւոյ գոյատեւումը ահա 1567 տարիներէ ի վեր: Եթէ Վարդանն ու Ղեւոնդ Երէց Աւետարանի խօսքերով «Խաչը վերցնելով չհետեւէին Քրիստոսի», յարութեան աւետիսը չէր տրուէր հայ ազգին:

Երկու Պատմիչները
Անփոխարինելի են ժամանակակից եւ ականատես երկու պատմիչները, Եղիշէ եւ Ղազար Փարպեցի, որոնք կը մնան հայ ժողովուրդի հոգեւոր եւ իմացական կեանքի բովանդակ ընթացքին որպէս առաքեալներ: Թէ որքան հաւաստի կրնայ ըլլալ Եղիշէ վարդապետի դիւցազներգութիւնը բաղդատմամբ Փարպեցիի պատմագրութեան, պատմաբաններ ունեցած են որոշ վերապահութիւններ, ըսելով որ Եղիշէի գրածը ոսկեղնիկ գրաբարով դիւցազներգութիւն մըն է, հոյակապ թռիչքով եւ բանաստեղծութեամբ, ինչպէս Եղիշէ ինք ըսած է թէ ՚դիւցազուններուն պատմութիւնն է որ կը գրեմՙ, ուր ընդելուզուած են առարկայական դէպքերը գրական բարձր ոճով, ականատեսի վկայութիւններով, անձնական, զգացական, յուզումնալից, եւ երբեմն շատ խիստ ընդդիմութեամբ եւ զայրոյթով նոյնիսկ: Եղիշէի երկը վկայաբանական գունաւորում ստացած դիւցազներգութիւն մըն է, որուն նպատակը եղած է իր իսկ բառերով «Որպէսզի շարունակ կարդաս, լսելով առաքինի անձերու քաջութիւնը եւ ետ մնացածներուն վատութիւնը»:

Փարպեցիի տուեալները միւս կողմէ, լայնօրէն Մամիկոնեան տոհմի գերազանց գնահատանքը հիւսելով կողմնակցութիւն մատնելու չափ կասկածներ կþարթնցնեն ընթերցողի մտքին մէջ: Եւ այս ալ ունի իր բացատրութիւնը, քանի որ Ղազար Փարպեցի իր մանկութեան տարիներուն Վահան Մամիկոնեանի եւ այլ Մամիկոնեան տղոց հետ դաստիարակութեանը յանձնուած էր Ձուիկ իշխանուհիին, Վրաստանի Ցուրտավ քաղաքին մէջ, որ Վահան Մամիկոնեանի այրիացած մայրն էր եւ կինը Վարդանի նահատակ եղբօր Հմայեակ Մամիկոնեանի: Ահա երկուքը, Եղիշէ պատմիչ որպէս քանդակագործ, եւ Ղազար Փարպեցի որպէս ճարտարապետ:

Վարդանանց Ոգին
Սերունդներ յաջորդաբար դարբնեցին Վարդանանց ոգին եւ կնքեցին հայոց պատմութիւնը: Չեղաւ տարի մը երբ հայորդիք մոռցան Մամիկոնեան քաջազունները, եւ ամէն անձ իր մանկութեան օրերէն Վարդանի անունն ու Վարդանանց միասնական ուխտը իր հետ աճեցուց: Քաջ նահատակներ այդ ուխտը միաբերան արտասանեցին եւ ոչ առանձինն, ու զայն Աւետարանին վրայ կնքեցին որպէս իրենց ՀԱՅՐԸ, ու Մայր Եկեղեցիին վրայ իրենց ուխտը ըրին որպէս իրենց ՄԱՅՐԸ: Այդ ուխտն է որ մնացած է մեզի որպէս ժառանգ:

Վարդանանք կը խորհրդանշեն երկու բան: Համոզում եւ պատրաստակամութիւն որոնք ներշնչումի աղբիւր կը դառնան: Ու ասոր ապացոյցն այն է որ հայ ժողովուրդը յետագայ դարերուն կրօնական ազդեցութեան տակ ապրող ժողովուրդ մը եղաւ, որուն Քրիստոնէութիւնը իրեն արժեց բազում բարիքներու կողքին նաեւ ահաւոր կորուստ եւ հալածանք: Մեր ժողովուրդին համար մարտիրոսութիւնը ապրելակերպ մը դարձաւ, ու Վարդանանք միշտ այցելեցին մեզ, վկայ 1915 թուականի Մեծ Եղեռնը, ու անկէ առաջ բիւզանդացւոց, արաբներու, սելճուքներու, դադարներու եւ մոնկոլներու հերթական արշաւանքներն ու Հայաստանի բզկտումը: Գլխաւոր հարցումը կը մնայ, վերապրեցա՞նք. Այո’ եւ անպայման: Եւ այդ էր կենսականը: Ուրիշ ազգեր ցոյց տուած չեն այն յամառ դիմադրութիւնը եւ ինքնութիւնը պահելու կամքը, ինչպէս որ մենք ըրած ենք համոզումով եւ կամքով:

Մեծ Տէրութիւնները
Մեծ տէրութիւններ պատմութեան բեմէն հեռացան ընդմիշտ, եւ ոմանք ալ իրենց նկարագիրն ու ինքնութիւնը կորսնցուցին: Նոյնինքն Պարսկաստանը որ Աւարայրի պատերազմէն երկու հարիւր տարի ետք ենթարկուեցաւ նորահաս արաբական արշաւանքներուն, կորսնցնելով իր պահլաւերէն լեզուն, գիրն ու մանաւանդ զրադաշտական կրօնքը: Գրեցին արաբերէն տառերով, լքեցին կրակն ու պաշտեցին Մարգարէն: Եւ ինչ հեգնանք, այսօր հայը մնացած է հայ իր հարազատ լեզուով, գիրով եւ գրականութեամբ, ու իրեն յանձնուած առաջին կարգի կրօնքով` քրիստո-նէութեամբ, եւ հակառակ իր շատ սահմանափակ տարածքին եւ թիւին ու քաղաքական դժխեմ պատահարներուն, մնաց աներեր:

Այդ բոլորին պատասխանը կուտան Վարդանանք իրենց նահատա-կութեամբ եւ ցոյց տուած վճռակամութեամբ ու  զայն կը թողուն յետագայ սերունդներուն իբրեւ աւանդ անժամանցելի: Ուստի, մեր տարեկան յուշատօներու նպատակը չի կրնար ըլլալ մեքենաբար մեր անցեալին տուրք մը վճարել եւ մեր գործին վերադառնալ: Այդ պիտի ըլլար ողբալի վրիպում մը: Իրականին մէջ Վարդանանք կը ներկայացնեն ճշմարիտ արժէքներ ու անոնց հասկացողութեան ապացոյցը կուտան` որ է հայուն գոյատեւումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment