Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Մարդը Իսկապէս Բարձրագոյն Արժէք է Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ» Փաշինեան

«Մարդը Իսկապէս Բարձրագոյն Արժէք է Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ» Փաշինեան

by MassisPost

Այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հաստատուած է կառավարութիւն, որ մարդու իրաւունքներու խախտման դէմ պայքարող մարդոց եւ կառոյցներու դաշնակիցն ու հովանաւորն է, այս մասին Մատենադարանէն ներս՝ Համընդհանուր իրաւունքներու մրցանակաբաշխութեան ժամանակ իր ելոյթին մէջ ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Վարչապետը նշած է՝ իրաւունքներու պաշտպանութեան իրենց բանաձեւը բոլոր քաղաքացիներուն համար հաւասար հնարաւորութիւններ եւ այդ հաւասար հնարաւորութիւններու նկատմամբ հաւասար հասանելիութիւն ստեղծելն է։

«Մենք հետեւողականօրէն գնալու ենք այս ճանապարհով։ Մեր քաղաքական տեսակէտը եւ հայեացքը, գաղափարախօսութիւնը հետեւեալն է, որ իրաւունքների պաշտպանութեան համաթեքսթում առաջին անելիքն այն է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնում իւրաքանչիւր քաղաքացի իր սոցիալական (ընկերային), գիտական, տնտեսական, քաղաքական դիրքին արժանանայ իր առարկայական ընդունակութիւնների իրացմամբ։ Սա չի նշանակում, թէ այն մարդիկ, ովքեր կարող է չունեն այդ առարկայական ընդունակութիւնները, պէտք է դուրս մնան այս քաղաքականութեան շրջագծից։ Ընդհակառակը՝ մեզ համար կարեւոր է, որ մենք մարդկանց աջակցենք, քաջալերենք, օգնենք, որպէսզի նրանք իսկապէս նաեւ իրենց առարկայական ընդունակութիւնները զարգացնելու, կրթական համակարգի եւ կրթութեանը հասանելի լինելու հնարաւորութիւնների մէջ լինեն հաւասար ուրիշների հետ եւ ուրիշների հետ օգտուեն հաւասար հնարաւորութիւններից։ Սա ռազմավարական խնդիր է մեզ համար, մեր երկրի համար, եւ այս խնդրի լուծման համաթեքսթում մենք պիտի կարողանանք հասնել նրան, որ Հայաստանում բոլոր դիրքերում լինեն լաւագոյնները՝ քաղաքականութեան մէջ լինեն լաւագոյնները, կառավարութեան մէջ լինեն լաւագոյնները, տնտեսութեան մէջ լինեն լաւագոյնները, կրթութեան մէջ լինեն լաւագոյնները, որովհետեւ միայն արդար եւ հաւասար հնարաւորութիւնների հասանելիութիւնն է, որ այսպիսի իրավիճակ կը ստեղծի Հայաստանի քաղաքացիների համար», – ըսած է վարչապետը։

pashinyan-universal-rights-2

Փաշինեանը նշած է, որ իրենց համար կարեւոր է արձանագրել, որ մարդը իսկապէս բարձրագոյն արժէք է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ։

«Մարդը բարձրագոյն արժէք է Հայաստանի կառավարութեան համար, Հայաստանում հաստատուած իշխանութեան համար եւ մեր ամենակարեւոր անելիքը նաեւ համարում ենք այն, որ մարդը լինի բարձրագոյն արժէք նաեւ ուրիշ մարդու համար», – ըսած է Փաշինեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment