Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Համանախագահներուն Հետ Հանդիպման Ժամանակ Զոհրապ Մնացականեանը Վերահաստատած է Հայաստանի Մօտեցումները

Համանախագահներուն Հետ Հանդիպման Ժամանակ Զոհրապ Մնացականեանը Վերահաստատած է Հայաստանի Մօտեցումները

by MassisPost

Արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանը Երեւանի մէջ հանդիպում ունեցած է ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա), Էնտրիւ Շոֆըրի (ԱՄՆ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիկի հետ:

Արտաքին գործոց նախարարութենէն տեղեկացուցած են, որ Արտաքին գործոց նախարարի եւ համանախագահներու քննարկումներու առանցքն էին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցած վերջին հանդիպումներու ընթացքին բարձրացուած հարցերը:

Համանախագահներուն, մասնաւորապէս, կը հետաքրքրէին Յունուարին Տաւոսի մէջ Հայաստանի վարչապետի եւ Ատրպէյճանի նախագահի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման մանրամասները:

Զոհրապ Մնացականեանը վերահաստատած է Հայաստանի մօտեցումները եւ դիրքորոշումը հիմնահարցի բացառապէս խաղաղ հանգուցալուծման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ կարգաւորման գործընթացի համար նպաստաւոր մթնոլորտի կարեւորութիւնը:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են գործընթացի շրջանակներէն ներս յետագայ քայլերու եւ հանդիպումներու շուրջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment