Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Զմիւռնիան 1922-ին – (Ինքնատիպ Նախաձեռնութիւն Ճաբոնական Փրկարար Նաւու Մասին)

Զմիւռնիան 1922-ին – (Ինքնատիպ Նախաձեռնութիւն Ճաբոնական Փրկարար Նաւու Մասին)

by MassisPost

Ուրբաթ, Փետրուարի 15ին, 2019, Լոս Անճելոսի Ս. Սոֆիա յունական մայր տաճարի «Աֆինկթըն» կեդրոնի մէջ տեղի ունեցաւ եզակի միջոցառում մը, նուիրուած Զմիւռնիոյ սարսափելի աղէտին (1922) գաղթականներ փրկող ճաբոնական ազատարար նաւուն: ՄԻջոցառումը կազմակերպուած էր տեղւոյս ճաբոնի հիւպատոսարանի կողմէ, աջակցութեամբ Յունաստանի հիւպատոսարանին:

smyrna-1

Այս առթիւ ելոյթներ ունեցան UCLA համալսարանի դասախօսներէն՝ Դոկտ. Ճոն Փափատօբուլոս, Ճաբոնի ընդհանուր հիւպատոս Ագիրա Շիպան, Յունաստանի ընդհ. հիւպատոսուհի Էվգինիա Պէնիաթօղլու եւ Հայաստանի ընդհանուր հիւպատոսի աւագ խորհրդական Վարազդատ Պահլաւունի: Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Թոքիոյի համալսարանի Պատմութեան բաժանմունքէն դոկտ. Նանաթօ Մուրաթա Սավաճնակի: Բոլոր խօսք առնողներն ալ դատապարտեցին քսաներորդ դարու առաջին եւ երկրորդ տասնամեակներու Զմիւռնիոյ (Ներկայիս Իզմիր) քաղաքին մէջ տեղի ունեցած զանգուածային ջարդերը, հրդեհները, կողոպուտներն ու բռնաբարումները, որոնց զոհ գացին տասնեակ հազարաւոր հայեր եւ յոյներ եւ որոնցմէ շատեր բռնի ծովամոյն եղան նշաւակ դառնալով անմարդկային արարքներու:

Յարգելի բանախօսուհին առանձնապէս անդրադարձաւ գաղթականները փոխադրող ազատարար նաւերու շարքին ճաբոնական նաւու մարդասիրական օգնութեան մասին, որով աւելի քան 850 աղէտեալներ փոխադրած էր դէպի խաղաղ նաւահանգիստներ:

Հետաքրքրական միջոցառում մըն էր արդարեւ, որուն շատ սակաւաթիւ հայեր ներկայ էին, մեծամասնութեամբ ճաբոնցիներ եւ յոյներ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment