Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Իսրայէլական Aeronautics Ընկերութիւնը Նոր Համաձայնագիր Կնքած է Ատրպէյճանի Հետ

Իսրայէլական Aeronautics Ընկերութիւնը Նոր Համաձայնագիր Կնքած է Ատրպէյճանի Հետ

by MassisPost

Իսրայէլական Aeronautics ընկերութիւնը նոր համաձայնագիր կնքած է Ատրպէյճանի հետ՝ յառաջիկայ երկու տարուան ընթացքին 13 միլիոն տոլարի հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր մատակարարելու վերաբերեալ:

Համաձայնագիրը կնքուած է ընկերութեան դէմ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութեան սկսած հետաքննութենէն ետք, երբ պարզուած էր, որ 2017-ին նոյն այդ ընկերութիւնը, պաշտօնական Պաքուի պահանջով, համաձայնած էր Orbiter 1K տեսակի անօդաչու թռչող սարքի կարողութիւնները ցուցադրել մարտական պայմաններու մէջ` հարուած հասցնելով հայկական դիրքերէն մէկուն ուղղութեամբ. Վիրաւորուած էր երեք հայ զինծառայող:

Միջադէպի մանրամասները յայտնի չեն, գործը կը քննուի դռնփակ նիստի ընթացքին: Տեղական լրատուամիջոցները, սակայն, կը պնդեն, որ սկիզբը ընկերութեան շարքային աշխատակիցները հրաժարած են զէնքը փորձարկել մարդոց ուղղութեամբ, սակայն աւելի ուշ Պաքու մեկնած են ընկերութեան ղեկավարներն ու ստանձնած անօդաչու թռչող սարքի կառավարումը:

Միջադէպը մեծ աղմուկ բարձրացուցած էր, Իսրայէլի իրաւապահները մեղադրանքներ առաջադրած էին ընկերութեան ղեկավարներուն, ինչպէս նաեւ՝ արգելանք դրած օտարերկրեայ արտահանումներուն վրայ:

Քննութիւնը չաւարտած, սակայն, փետրուարի սկիզբը անակնկալ յայտարարուած է, թէ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարութիւնը վերանայած է իր որոշումը ու վերացուցած է արտահանումներու արգելանքը: Երկու շաբաթ չանցած Aeronautics Defense Systems-ը հաղորդած է, որ բազմամիլիոնանոց համաձայնագիր կնքած է առանցքային գործընկերոջ հետ: Վաճառուող զէնքը՝ Orbiter 1K տեսակի անօդաչու թռչող սարքը կրնայ 1-2 քկ. պայթուցիկ նիւթ տեղափոխել, շուրջ երեք ժամ մնալ օդին մէջ, բազմազգայական (multi-sensor) տեսախցիկով ցերեկային եւ գիշերային նկարահանումներ կատարել, պարսատիկով արձակուելէ ետք ինքնուրոյն կը հսկէ տարածութիւնը, կը գտնէ ու կ’ոչնչացնէ շարժող ու անշարժ թիրախներ: Իսկ եթէ սարքը թիրախը չգտնէ, կը վերադառնայ ռազմակայան:

2016-ին Ատրպէյճանը նոյն այդ անօդաչու թռչող սարքերով խոցած էր հայկական փոխադրակառք մը, եօթ մարդ զոհուած էր:

Նոր, բազմամիլիոնանոց գործարքին հայկական կողմը դեռ պաշտօնապէս չէ արձագանգած: Աւելի վաղ՝ ամսուան սկիզբը, արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Աննա Նաղտալեանը յայտարարած էր, որ պաշտօնական Երեւանը կը պատրաստուի բարձրաձայնել հարցը երկկողմ եւ բազմակողմ հանդիպումներու ժամանակ:

«Պէտք է ուղղակի ընդգծենք եւ մեր միջազգային գործընկերներին մշտապէս յղենք այն ուղերձը, որ մեր տարածաշրջանում սպառազինութիւնների մրցավազքը չափազանց վտանգաւոր է», – ըսած էր Նաղտալեանը:

Իսրայէլի պաշտօնական աղբիւրները չեն մեկնաբանած, թէ ինչու վերստին թոյլատրած են զէնքի մատակարարումը ատրպէյճանական բանակին: Փորձագէտները, սակայն, պատահական չեն համարեր, որ որոշումը կայացուած է ճիշդ այն օրերուն, երբ Հայաստանի վարչապետը յայտարարած է, որ կը պատրաստուի փետրուարի վերջը պաշտօնական այց կատարել Իսրայէլի հետ թշնամական յարաբերութիւններով յայտնի Իրան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment