Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մեղադրանք Առաջադրուած է Ռոպերթ Քոչարեանի Աւագ Որդիին

Մեղադրանք Առաջադրուած է Ռոպերթ Քոչարեանի Աւագ Որդիին

by MassisPost

Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի աւագ որդի՝ Սեդրակ Քոչարեանին մեղադրանք առաջադրուած է՝ հարկերէն խուսափելու եւ փողերու լուացման յօդուածներով։

Գործը, ըստ փաստաբան Արամ Օրբելեանի, կը գտնուի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան վարոյթին մէջ․ – «Իրեն առնուազն առաջադրուել է: Չգիտեմ, ուրիշ մարդիկ կան, չկան, բայց իրեն առաջադրուել է»:

Սեդրակ Քոչարեանը հարցազրոյց տուած է երկրորդ նախագահի ոչ պաշտօնական կայքին՝ 2rd.am-ին, եւ նշած է. – «ԱԱԾ-ն ինձ մեղադրանք է առաջադրել շինծու մի գործով՝ ինչ-որ փողերի լուացում»։ Այլ մանրամասներ Սեդրակ Քոչարեանը չէ հաղորդած։

Փաստաբան Արամ Օրբելեանը «Ազատութեան» յայտնած է, որ այս գործով Սեդրակ Քոչարեանին իրաւախորհրդատուութիւն պիտի տրամադրէ հօր՝ Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբաններու նոյն խումբը, սակայն, քրէական գործի վերաբերեալ իրենց եւս շատ մանրամասներ դեռ յայտնի չեն․ – «Առաջադրուել են մեղադրանքներ՝ հարկերից խուսափում, փողերի լուացում: Յաւելեալ մանրամասներ այս պահին չեմ կարող ձեզ ներկայացնել: Երբ որ աւելի մանրամասն տիրապետենք՝ եթէ մենք զբաղուենք, եթէ նոր փաստաբան կը ներգրաւուի էս գործի համար առանձին, համապատասխանաբար արդէն աւելի մանրամասնուած տեղեկատւութիւն կը տրամադրենք»:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն որուն վարոյթին մէջ կը գտնուի այս քրէական գործը, «Ազատութեան» փոխանցած են, որ «նպատակայարմար գտնելու պարագայում հանդէս կը գան յայտարարութեամբ»։

Այժմ յայտնի է, որ Սեդրակ Քոչարեանը ազատազրկուած չէ, անոր նկատմամբ կիրառուած է խափանման միջոց՝ ստորագրութիւն չհեռանալու վերաբերեալ։

Սեդրակ Քոչարեանը իր դէմ քրէական գործի յարուցումը կը համարէ իր ընտանիքի հանդէպ իշխանական յարձակում: Հարցազրոյցի ժամանակ ան, մասնաւորապէս, նշած է․ – «Մեր ընտանիքի դէմ արդէն 10 ամիս ընթացող վայրագ ու բարոյականութիւնից բացարձակապէս զուրկ իշխանական յարձակման պայմաններում հրապարակայնութեան միջոցին դիմելն անխուսափելի է, յատկապէս մեր դէմ ստի ու կեղծիքի գերբարձր տոզայի պայմաններում»։

Ըստ Սեդրակ Քոչարեանի, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը շատոնց սեւեռուած է Քոչարեաններու ընտանիքին վրայ՝ դեռ լրագրողական գործունէութեան տարիներէն։

«Իսկ յատուկ ուժգնութեամբ՝ այն պահից, երբ բախումներ սադրելով փախաւ մարտիմէկեան հրապարակից՝ իրեն հաւատացած մարդկանց թողնելով բախտի քմահաճոյքին», – հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Ռոպերթ Քոչարեանի որդին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment