Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը կը Նախատեսէ Ռուսաստանէն Գնել 12 Սու-30ՍՄ Կործանիչներ

Հայաստանը կը Նախատեսէ Ռուսաստանէն Գնել 12 Սու-30ՍՄ Կործանիչներ

by MassisPost

Հայաստան կը ծրագրէ մինչեւ 2019-ին վերջ կամ 2020-ի սկիզբը ստանալ 4 ռուսական Су-30СМ կործանիչ, իսկ, ընդհանուր առմամբ, Երեւան կը ցանկայ գնել 12 այդպիսի կործանիչներ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռիա նովոսթի»-ն, նշելով, որ IDEX-2019 ցուցահանդէսի ժամանակ այս մասին ըսած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան:

«Մենք կը շարունակենք բանակցութիւնները Су-30СМ կործանիչներու յաջորդ խմբաքանակի մատակարարման շուրջ: Ամէն ինչ կախուած է անկէ, թէ որքան արագ պատրաստ կ’ըլլայ այդ արտադրանքը: Մենք կը ծրագրենք առաջին խմբաքանակը ստանալ այս տարուան վերջին, ծայրայեղ պարագային՝ յաջորդ տարուան սկիզբը»,- ըսած է Տօնոյեան։

Պատասխանելով հարցին, թէ ընդհանուր առմամբ քանի՞ կործանիչ կը ցանկար Հայաստանը գնել, Դաւիթ Տօնոյեան պատասխանած է, որ խօսքը մէկ օդանաւային դասակ (12 կործանիչ) մասին է:

Աւելի վաղ ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Արծրուն Յովհաննիսեանը յայտարարած էր, որ Երեւանը կը ծրագրէ Ռուսաստանի Դաշնութենէն  գնել 4 Սու-30ՍՄ: Պաշտպանութեան  նախարարութենէն նաեւ յայտնած էին, որ նախապէս ռուսական կողմի տրամադրած 100 միլիոն տոլար վարկի շրջանակէն ներս սպառազինութեան ձեռքբերման գործընթացը իրականացման փուլի մէջ է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment