Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Մեծանուն Արուեստագէտ` Սարգի Մուրատեանի Եզակի Երգարանի Շնորհանդէսը

Մեծանուն Արուեստագէտ` Սարգի Մուրատեանի Եզակի Երգարանի Շնորհանդէսը

by MassisPost

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Հինգշաբթի, Փետրուար 28, երեկոյեան ժամը 7-ին, Կլենտէյլի իրանահայերու Լուտովիկա եւ Յակոբ Այնթապլեան մշակութային փառաշուք կեդրոնի մայր սրահին մէջ, տեղի պիտի ունենայ Ամերիկահայ մեծանուն արուեստագէտներէն, հայկական եօթը ֆիլմերու արտադրիչ, Ա.Մ.Ն.ի Արեւմտեան ափի հայ հեռատեսիլի ծրագիրներու հիմնադիր (63), հայկական համով-հոտով երգերու բառերուն, երաժշտութեան եւ գործիքաւորման հեղինակ` Սարգի Մուրատեանի երգարանին շնորհանդէսը: Այս երգարանին կցուած է նաեւ Սարգի Մուրատեանի 63 երգերու ձայնապնակ (CD) մը:

Ձեռնարկը կազմակերպուած է մեր համայնքին մէջ գործող` իրանահայերու, պոլսահայերու եւ իրաքահայերու ընտանեկան միութեանց կողմէ: Իր պատուաբեր ներկայութեամբ ձեռնարկը պիտի հովանաւորէ մայր հայրենիքի Լոս Անճելոսի ընդհանուր հիւպատոս` Տիար Արմէն Բայբուրդեան:

Պիտի գործադրուի գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր մը: Վերջաւորութեան տեղի պիտի ունենայ ճոխ հիւրասիրութիւն մը եւ հեղինակին հետ անձամբ զրուցելու հնարաւորութիւն:

Երգարանը հաւաքած, խմբագրած եւ պատրաստած է ծանօթ արուեստագէտ եւ լրագրող Մարթին Շիրինեան: Իսկ գիրքի հրատարակութեան ծախսերը ստանձնած են հեղինակին երեք զաւակները, որոնք միշտ իրենց հանգուցեալ մօր` Քաթի Մուրատեանի հետ թեւ ու թիկունք եղած են իրենց հօր արուեստի գործերուն:

Սարգի Մուրատեան իր «Երկու խօսք» յառաջաբանին մէջ շնորհակալութեան ջերմ խօսք ուղղած է շարք մը արուեստագէտներու, որոնք զանազան ձեւերով սատար հանդիսացած են այս երգարանի հրատարակութեան:

Մեր գրութեան վերնագրին մէջ նշեցինք «եզակի երգարան» բառերը, որովհետեւ այս հրատարակութեան մէջ տպուած 63 երգերուն մեծ մասը, առաջին անգամ ըլլալով, հատորի մը մէջ լոյս կը տեսնեն: Այս երգերը իրենց բովանդակութեամբ կը ներկայացնեն սփիւռքահայ մեր կեանքին մէկ հանգրուանը: Այդ շրջանը, որ կրնանք ըսել սփիւռքի թրքական երգերէ ձերբազատուելու շրջանը, երբ մեր ժողովուրդը սկսաւ հայերէն երգերով արտայայտել իր սիրոյ զգացումները, որոնք խորքին մէջ շատ անկեղծ եւ  յուզիչ արտայայտութիւններ եւ պատկերներ են: Անոնք հայերէն են, եւ մեր ժողովուրդին սիրտին կը խօսին եւ հոգիները կը խռովեն:

Նմանապէս, պէտք է նկատի ունենալ եւ այս երգերը դնել իրենց ճիշդ ժամանակաշրջանին մէջ, ուր երաժշտական գործիքները եւ արուեստը այդքան ալ յառաջացած չէին հիմակուան պէս, բայց եւ այնպէս Սարգի Մուրատեան մօտ 45-50 տարիներ առաջ եւրոպական երաժշտութեան կշռոյթներուն վրայ հայերէն երգեր հրամցուցած է մեր ժողովուրդին, ինչպիսին են Rock and Roll-ի, Bolero-ի, Flamengo-ի, Waltz-ի, Tango-ի, Rumba-ի, Samba-ի կշռոյթներուն վրայ յօրինուած հայ երգերը:

Այս երգերէն ոմանք իր արտադրած ֆիլմերուն մէջ երգուած են, ուրիշներ ալ մեծանուն երգիչներու կողմէ երգուած եւ մեծ ժողովրդականութիւն վայելած են: Եւ այս երգերը պէտք է դրուին ֆիլմերու պատմութեան մէջ, գիտնալու համար անոնց արժէքը:

Ուրիշ գնահատելի գործ մըն ալ ըրած է մեր սիրելի Սարգի Մուրատեանը: Որպէս հեռատեսիլի արտադրիչ, ան մեծ թիւով երգիչներու հովանաւոր, քաջալերող եւ գնահատող եղած է իր հեռուստաժամին միջոցաւ: Անոնցմէ ոմանք, ինչպիսին էր Յարութ Բամպուքճեան, Անտի, Յովիկ Գրիգորեան (պաղտատահայ եւ հայաստանցի) եւ բազմաթիւ այլ երգիչներ, որոնք միշտ ալ վայելած են Սարգի Մուրատեանի աջակցութիւնը եւ քաջալերանքը:

1970-ականներէն ի վեր Հայաստանէն արտագաղթը սկսելով, բազմաթիւ հայրենի երգիչներ Լոս Անճելոս հաստատուեցան: Անոնք եւս հայրենի երգերու համն ու հոտը բերելով, ներկայիս մեր գաղութը կը վխտայ հայկական շէն ու շէնշող երգերով, որոնք մայր հայրենիքին երգն ու բոյրը կը բերեն մեզի:

Սարգի Մուրատեանի այս երգարանը եւ հոն դրուած երգերը դասական երգեր են. որքան ժամանակը անցնի, աւելի պիտի արժէքաւորուին ու երգուին մեր ժողովուրդին կողմէ, որուն համար սրտանց կը շնորհաւորենք մեր թանկագին բարեկամը` Սարգի Մուրատեանը, մաղթելով իրեն քաջառողջ, արեւշատ օրեր եւ ստեղծագործական նորանոր յաջողութիւններ:

Հայ ժողովուրդը սիրով հրաւիրուած է իր յարգանքի տուրքը տալու այս թանկագին արուեստագէտին եւ վայելելու այդ երեկոն, որուն մուտքը ազատ եւ անվճար է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment