Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունեցածը «Գունաւոր Յեղափոխութիւն» Չէր». Նիկոլ Փաշինեան

«Հայաստանի Մէջ Տեղի Ունեցածը «Գունաւոր Յեղափոխութիւն» Չէր». Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հարցազրոյց տուած է գերմանական «Տի ցայթ» շաբաթաթերթին, որուն մէջ անդրադարձած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած թաւշեայ յեղափոխութեան:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, ՀՀ վարչապետը ընդգծած է, որ այն, ինչ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ, իւրօրինակ է: «Մեր շարժման ամենասկզբից դրա ամենակարեւոր խորհրդանիշը մեր վեր պարզած ձեռքերն էին. դա բնութագրում էր մեր նպատակները՝ նոյնիսկ եթէ կառավարութիւնը ուժ կիրառէր, մենք ուժով չէինք պատասխանելու»,- ըսած է Փաշինեանը: Ան բացառած է, որ որեւէ իրավիճակի մէջ կրնայ բռնութիւնը արդարացուած համարել: «Բռնութիւնը բացառելը եղել եւ մնում է մեր համոզմունքը: Մենք ցանկանում ենք Հայաստանում բացառել բռնութիւնը»,- ըսած է Փաշինեանը:

Անդրադառնալով հարցին՝ արդեօք յաջողութեան հասնելու համար առաջնո՞րդ անհրաժեշտ է, Փաշինեանը պատասխանած է, որ իր ամենամեծ ներդրումը կը կայանայ այն բանի մէջ, որ յայտարարած է, որ ինք առաջնորդ չէ: «Այդ պահից մեր շարժումն ապակեդրոնացաւ եւ սկսեց աճել: Դա բարդացրեց կառավարութեան եւ ոստիկանութեան առաջադրանքը՝ մեզ վերահսկելու եւ կանգնեցնելու առումով: Մենք մեր հետեւորդներին միայն մի քանի պայման էինք առաջադրել: Մենք ասել ենք, որ բոլոր գործողութիւնները պէտք է լինեն առանց բռնութեան, չի կարող լինել ատելութեան որեւէ դրսեւորում: Մեր յեղափոխութեան իրական առաջնորդները մեր քաղաքացիներն էին»,- ընդգծած է ՀՀ վարչապետը:

Անդրադառնալով հարցին, թէ ինչու Հայաստանի մէջ դրական փոփոխութիւններ պիտի ըլլան, այն պարագային, երբ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ տեղի ունեցած «գունաւոր յեղափոխութենէն» ետք այդ երկիրներուն մէջ իրավիճակը այնքան ալ լաւ չէ եղած, Նիկոլ Փաշինեանը պատասխանած է, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցածը «գունաւոր յեղափոխութիւն» չէր: ՀՀ վարչապետը ընդգծած է, որ իրենց հետ որեւէ օտարերկրեայ ուժ կապուած չէ եղած:30

«Դա մաքուր ներքին գործընթաց էր, այլ ոչ թէ քաղաքական խաղ: Մեր յեղափոխութեան մէջ ներգրաւուած էին միայն Հայաստանի քաղաքացիները, ովքեր աւելի լաւ ապագայ են ցանկանում»,- ընդգծած է ան:

Օլիկարխներէն ձերբազատուելու մասին հարցին Փաշինեանը պատասխանած է. «Ես ընտրողներին բացատրել եմ, որ Հայաստանում այլեւս օլիկարխներ չունենք: Շատերին դա զարմացրեց, քանի որ այդ մարդիկ դեռ տեղում են եւ չպէտք է նաեւ հեռանան: Բայց ի՞նչ է նշանակում օլիկարխ: Օլիկարխն օգտւում է արտօնութիւններից: Նրա համար այլ օրէնքներ են գործում, նա մուտք ունի, ազդեցութիւն կառավարութեան վրայ: Այժմ բոլորի համար պայմանները նոյնն են»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment