Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Աւարտած է Ռոպերթ Քոչարեանի, Սեյրան Օհանեանի, Եուրի Խաչատուրովի եւ Արմէն Գևորգեանի Վերաբերեալ Քքրէական Գործի Նախաքննութիւնը

Աւարտած է Ռոպերթ Քոչարեանի, Սեյրան Օհանեանի, Եուրի Խաչատուրովի եւ Արմէն Գևորգեանի Վերաբերեալ Քքրէական Գործի Նախաքննութիւնը

by MassisPost

Ռոպերթ Քոչարեանի, Սեյրան Օհանեանի, Եուրի Խաչատուրովի եւ Արմէն Գէորգեանի վերաբերեալ քրէական գործի նախաքննութիւնը աւարտած է։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Յատուկ Քննաչական ծառայութեան պաշտօնական կայքէջը։

«2008 թուականի Մարտի 1-ից 2-ն ընկած ժամանակահատուածում Երեւան քաղաքում տեղի ունեցած իրադարձութիւնների վերաբերեալ Յատուկ քննչական ծառայութիւնում քննուող քրէական գործով վարոյթն իրականացնող մարմինը, համարելով, որ գործով ձեռք բերուած ապացոյցները բաւարար են Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնաթող նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, Զինուած ուժերի գլխաւոր շտապի պետի պաշտօնը զբաղեցրած Սեյրան Օհանեանի, Պաշտպանութեան նախարարի տեղակալի պաշտօնը զբաղեցրած Եուրի Խաչատուրովի եւ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի պաշտօնը զբաղեցրած Արմէն Գէորգեանի վերաբերեալ մեղադրական եզրակացութիւն կազմելու եւ գործը դատարան ուղարկելու համար, վերը նշուած անձանց մասով քրէական գործի նախաքննութիւնն աւարտել է», -ըսուած է Յատուկ քննչական ծառայութեան (ՅՔԾ) տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Ռոպերթ Քոչարեանը կը մեղադրուի սահմանադրական կարգը տապալելու եւ առանձնապէս խոշոր չափերով կաշառք ստանալու մէջ։

Սեյրան Օհանեանը եւ Եուրի Խաչատուրովը կը մեղադրուին սահմանադրական կարգը տապալելու մէջ։

Արմէն Գէորգեանը կը մեղադրուի սահմանադրական կարգը տապալելուն օժանդակելու, առանձնապէս խոշոր չափերով կաշառք ստանալու եւ յանցաւոր ճանապարհով ստացած գոյքը օրինականացնելու մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment