Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Առաջին Անգամ Ըլլալով «Ուղեղներու Գագաթաժողով»ը Պիտի Կայացուի Հայաստանի Մէջ

Առաջին Անգամ Ըլլալով «Ուղեղներու Գագաթաժողով»ը Պիտի Կայացուի Հայաստանի Մէջ

by MassisPost

Ամէն տարի Ֆրանսայի Շամոնի քաղաքին մէջ տեղի ունեցող «Մտքերու գագաթնաժողով»-ը (Summit of Minds) այս տարի առաջին անգամ պիտի կազմակերպուի Հայաստանի մէջ:

ՀՀ նախագահի մամուլի ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Armenian Summit of Minds խորագիրով գագաթնաժողովը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 7-էն 9` Երեւան եւ Դիլիջան քաղաքներուն մէջ:

Գագաթնաժողովի գլխաւոր գործընկերն է The Monthly Barometer յայտնի վերլուծական հանդէսը:

Ժողովը կազմակերպելու պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է դեռ 2018-ի Սեպտեմբերին, երբ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան որպէս գլխաւոր բանախօս կը մասնակցէր ամենամեայ «Մտքերու գագաթնաժողով»-ին:

Հեղինակաւոր այս միջոցառումին կը մասնակցին անուանի ու ազդեցիկ շուրջ 300 քաղաքական գործիչներ, գիտնականներ, գործարար-ներդրողներ, խոշորագոյն ընկերութիւններու եւ լրատուամիջոցներու ղեկավարներ ողջ աշխարհէն:

Հայաստան առաջին երկիրն է, որ պիտի հիւրընկալէ այս ժողովը Շամոնիէն դուրս:

Armenian Summit of Minds-ի քննարկման հիմնական թեման ըլլայ «Տարածաշրջանային աշխարհաքաղաքականութիւնը, տնտեսութիւնը եւ ներդրումները. բազմաբեւեռութեան ազդեցութիւնը առեւտուրի ու ներդրումային հոսքերու վրայ» խորագիրը:

Թեմայի շուրջ զեկոյցներով հանդէս պիտի գան տարբեր երկրներ ներկայացնող յայտնի բանախօսներ: Հայաստանի մէջ իրականացուող միջոցառման կարեւոր առանձնայատկութիւններէն մէկը ծրագրի հարուստ մշակութային մասն է, այդ շարքին՝ այցելութիւնները Հայաստանի պատմամշակութային վայրեր՝ գագաթնաժողովի մասնակիցներուն Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմութեանն ու մշակոյթին ծանօթացնելու նպատակով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment