Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մանուէլ Գրիգորեանի Քրէական Գործի Նախաքննութիւնը Աւարտած է

Մանուէլ Գրիգորեանի Քրէական Գործի Նախաքննութիւնը Աւարտած է

by MassisPost

Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր Մանուէլ Գրիգորեանի եւ անոր կնոջ՝ Նազիկ Ամիրեանի վերաբերեալ քրէական գործի նախաքննութիւնը աւարտած է, եւ գործը պիտի ուղարկուի դատարան։

Աւելի քան ութ ամիս տեւած նախաքննութենէն ետք Յատուկ քննչական ծառայութիւնը տեղեկացուցած է՝ Գրիգորեանի մեղադրանքը լրացած է։ Ան այժմ կը մեղադրուի ապօրինի կերպով զէնք-զինամթերք պահելու, աւելի քան 101 միլիոն դրամի գոյք իւրացնելու, աւելի քան 1 միլիառ դրամի հարկերու վճարումէն խուսափելու, պետական միջոցներէն աւելի քան 1 միլիառ դրամ վատնելու եւ շորթմամբ 37 միլիոն դրամ արժողութեամբ գոյքի յափշտակութիւնը կազմակերպելու մէջ: Մանուէլ Գրիգորեանի որդիին` Արման Գրիգորեանի նկատմամբ յայտարարուած է հետախուզում:

Մանուէլ Գրիգորեանի փաստաբան Արսէն Մկրտչեանը անհեթեթութիւն որակած է առաջադրուած նոր մեղադրանքները։

Մինչդեռ Յատուկ քննչական ծառայութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ մանրամասն թուարկած է, թէ Մանուէլ Գրիգորեանին եւ անոր ընտանքին պատկանող տարածքներէն գտած է մեծ քանակութեամբ զինամթերք, «Զինուորի բաժին, վաճառքի ենթակայ չէ» նշագրումով տարբեր տեսակի սննդամթերք, զինուորական մեքենաներ: Մեղադրանքի դրուագներէն մէկն ալ կ’առնչուի 2004 թուականին տեղի ունեցած դէպքին, երբ Գրիգորեանը, զբաղցնելով պաշտպանութեան փոխնախարարի պաշտօնը, ըստ ՅՔԾ-ի, կազմակերպած է Էջմիածնի բնակիչ Պ. Թորոսեանին պատկանող առանձնապէս խոշոր չափերով գոյքի՝ վարելանիւթի (պենզինի) լիցքաւորման կէտի շորթումը՝ այդ մէկը ընելով Թորոսեանին եւ անոր ընտանիքի անդամներուն նկատմամբ բռնութիւն գործադրելու սպառնալիքով:

62-ամեայ զօրավարի փաստաբանը, սակայն, կը պնդէ, որ արդար դատաքննութեան պարագային՝ «հապճեպ առաջադրած մեղադրանքները դատարանում փուչիկի պէս կը պայթեն»։
Ինչ կը վերաբերի Նազիկ Ամիրեանին, ապա անոր նկատմամբ ընտրուած խափանման միջոցը չհեռանալու մասին ստորագրութիւնն է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment